ՃԱՄԲԱՐԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՕՐԸ

Հինգշաբթի, 29 Օգոստոս 2025-ին, Կիրակնօրեայ դպրոցին կազմակերպած ճամբարին չորրորդ օրը, յետ առաւօտեան աղօթքին, Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան խօսեցաւ հոտառութեան զգայարանքին մասին։

Օրուան ընթացքին ճամբարի կրտսեր մասնակիցները կաւով ձեռային աշխատանքի պահ ունեցան, իսկ բարձր կարգի մասնակիցները, Արժ. Տէր Հօր եւ Երէցկին Սօսի Միքայէլեանի առաջնորդութեամբ «նշխար» շինելու յատուկ եւ գործնական աշխատանքի մը հետեւեցան։

Տէր Հայրը նախ բացատրեց նշխար բառին իմաստը եւ թէ ինչպէս Ս. Պատարագին ընթացքին, նշխարն ու գինին կը վերածուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Կենարար Մարմնին ու Արեան։ Ապա, հաւաքական աղօթքներու եւ սաղմոսներու ընթերցումէն ետք, Երէցկինը նշխարի յատուկ կաղապարներու միջոցաւ գործնական բացատրութիւն տալէ ետք, աշակերտները նշխար պատրաստեցին եւ իրենց տուները տարին։

Օրուան ընթացքին ճամբարի մասնակիցները իրենց ուսուցիչներուն հետ ունեցան տարբեր դասարանային եւ արտադասարանային գործունէութիւններ։ Ամենէն ուրախ եւ հաճելի պահը ջրխաղն էր, որուն մասնակցեցան ճամբարականներն ու կամաւորները։