
Չորեքշաբթի, 26 Օգոստոս 2025-ին, ճամբարի Երրորդ օրը սկսաւ աղօթքով։ Ապա, Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան ներկայացուց շօշափելու զգայարանը եւ ներկայացուց եկեղեցւոյ մէջ գործածուող կարգ մը սպասներ, որոնց շօշափելով մասնակիցները ծանօթացան այդ իրերուն (բուրվառ, քշոց, մոմակալ եւ այլն)։
Հայր Սուրբը շեշտեց, որ մեր ձեռքերը շօշափելու հիմնական միջոցն են եւ Աստուծոյ պարգեւն է՝ զոր պէտք է գործածել բարի գործերու համար։
Օրուան ընթացքին ճամբարի մասնակիցները իրենց ուսուցիչներուն հետ ունեցան տարբեր դասարանային եւ արտադասարանային գործունէութիւններ։ Ամենէն ուրախ եւ հաճելի պահը ջրխաղն էր, որուն մասնակցեցան ճամբարականներն ու կամաւորները։