ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ ԿԻԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՃԱՄԲԱՐԸ

Երկուշաբթի, 25 Օգոստոս 2025-ին, Աստուծոյ շնորհքով եւ մեծ խանդավառութեամբ սկիզբ առաւ մեր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին ճամբարը, առաջնորդութեամբ Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչներուն եւ իրենց կամաւորներուն։

Շաբաթ մը տեւող ճամբարին ընթացքին մասնակիցները պիտի սորվին «Զգալ արարիչը հինգ զգայարաններով». Ամէն օր տեսնելու, լսելու, շօշափելու, համտեսելու եւ բուրմունք զգալու միջոցով, հասկնալու թէ ինչպէս կարելի է Աստուծոյ պարգեւները օգտագործել Իր փառքին համար։

Առաջին օրը, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ, Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, բացատրեց աչքի կարեւորութեան մասին՝ ընդգծելով, թէ ինչպես մեր զգայարանները կրնան մեզ օգնել ճանչնալ եւ մօտենալ Աստուծոյ իր ստեղծագործութեան ճամբով։

Թող այս ճամբարը օրհնութեան ու քրիստոնէական կրթութեան աղբիւր ըլլայ մասնակիցներուն համար։