Սուրճը համաշխարհային չափանիշներով ամենէն սիրուած ըմպելիներէն մէկն է։ Շատերու համար այնքան կենսական նշանակութիւն ունի, որ առանց սուրճի չեն կրնար իրենց օրը սկսիլ։ Երբէք մտածա՞ծ էք թէ ինչպէ՞ս այս պարզ բաժակը կրնայ այդքան մեծ ազդեցութիւն ունենալ մեր առօրեայ կեանքին։
Այս յօդուածը սակայն սուրճի մասին չէ, այլ Յիսուսին, որուն հետ աղօթքով օրդ սկսիլը հոգիդ կ’արթնցնէ, ինչպէս սուրճը՝ մարմինդ։ Ամենէն հաճելին այն է, որ այդ երկուքը կարելի է միաժանակ ընել։ Պատկերացուր երբ լռութեան մէջ սուրճիդ առջեւ նստած ես, եւ անոր գոլ գոլորշիին հետ աղօթքներդ կը բարձրացնես երկինք։ Այդ պահուն սուրճը աւելի քան ըմպելիք՝ ստեղծողին հետ շփումի մը խորհրդանիշ կը դառնայ։
Մենք առաւօտեան սուրճը կը փնտռենք, որովհետեւ անիկա մեր սրտի զարկը կ՛արագացնէ եւ ուժ կու տայ։ Իսկ աւետարանը կ՛ըսէ, որ Տէրը մեր սրտերուն մէջ կը բնակի (Եփ 3.16, Հռ 5.5)։ Արդ, եթէ սուրճը մեր մարմնին զարթօնք կը պարգեւէ, Քրիստոս ալ հոգեւոր զարթօնք կը պարգեւէ։ Եթէ «առանց սուրճի չեմ կրնար մտածել» ընդունելի եւ ճիշդ արտայայտութիւն է, «առանց Յիսուսի չեմ կրնար ապրիլ» արտայայտութիւնը իրաւ խոստովանութիւն է, որուն մասին պէտք է մտածել։
Յիսուս երկրի վրայ իր առաքելութեան ժամանակ, շատ անգամ հիւր էր՝ կերաւ, խմեց, եւ սեղաններու շուրջ մարդիկ մօտեցան իրեն։ Հետդ ալ կը նստի Քրիստոս եթէ հրաւիրես Զինք։ Անոր հետ բարեկամութիւն կրնաս ձեւաւորել սուրճի գաւաթին շուրջ։ Առաւօտեան սուրճդ կրնայ ժամանակակից «յիսուսեան սեղան» մը ըլլալ, ուր Տիրոջ հետ կը սկսիս օրդ, կ՛աղօթես, տկարութիւններդ կը ներկայացնես եւ յոյսերդ կը բարձրացնես։ Մէկ բաժակ սուրճ՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ, կրնայ սկիզբը դնել փոխակերպութեան մը։
Նաեւ մտածէ, սիրելի ընթերցող, թէ Աստուած չուզեր միայն սուրճդ վայելես. Աստուած կ՛ուզէ, որ դուն ինքդ վերածուիս «սուրճի», այսինքն՝ վերածուիս այնպիսի ներկայութեան, որ ուրիշներուն կեանքերուն մէջ լաւ ներկայութիւն կը դառնայ։ Աստուծոյ մարդը երբ ուրիշին մօտենայ, պէտք է այդ վստահութիւնը ներշնչէ։ Քու ներկայութիւնդ, քու խօսքերդ, քու աղօթքդ, քու նայուածքդ նոյնքան սթափեցնող եւ բարի պէտք է ըլլան, որքան սուրճը՝ առտուն յոգնած մարդուն։
Աստուծոյ կամքն է, որ մենք ներկայութիւնը մը ըլլանք զոր մարդիկ կը փնտռեն երբ յոգնած են, երբ վիրաւորուած են, երբ կորսուած են։ Մեր դերակատարութիւնը համայնքի մէջ պէտք է ըլլայ այնպիսին, որ մարդիկ յուսահատ չդառնան մեզի մօտենալէն ետք, այլ ընդհակառակը՝ սթափին, բարձրանան եւ մխիթարուին։
Սուրճը իր գոլ ջերմութեամբ մարդուն ցոյց տայ, թէ կեանքը կրնայ նորովի սկսիլ։ Նոյնպէս, դուն ալ, Քրիստոսով, կրնաս ուրիշին ցոյց տալ, թէ միշտ ուշ չէ՝ նոր սկիզբ մը ունենալու, միշտ ուշ չէ վերադառնալու հաւատքին, միշտ ուշ չէ վերագտնելու խաղաղութիւնը։ Սուրճի մը պէս, դո՛ւն կրնաս Աստուծոյ օրհնութիւնը դառնալ ուրիշներուն։
Վերջապէս, Յիսուս եւ սուրճը իրենց բնոյթով տարբեր իրականութիւններ են։ Բայց երբ սրտանց ուզենք զԱստուած գտնել ամէն բանի մէջ, պարզագոյն բաները՝ ինչպէս սուրճի բաժակ մը, պատուհաններ կը դառնան դէպի Աստուած։
Ուրեմն ըմբոշխնեցէք ոչ միայն սուրճը, այլ ամէն առիթ՝ մօտենալու Քրիստոսին, ապրելու Քրիստոսով եւ Քրիստոսը փոխանցելու ուրիշներուն։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան