ՊԱՀԱԱ ՀԱՐԻՐԻ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Պահաա Հարիրիի, որուն կ՚ընկերանար ութ անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: Հարիրի երէց զաւակն է Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի, որ 14 Փետրուար 2005-ին զոհ գնաց անարգ ոճիրի մը:

Պահաա Հարիրիի նպատակն է վերադառնալ Լիբանան եւ նոր մօտեցումներով ու առաջնահերթութիւններով շարունակել իր հօր քաղաքական ուղեգիծը: Նշենք, որ շուրջ տարի մը առաջ, Մոնաքոյի մէջ հաստատուած Պահաա Հարիրի կապ պահեց Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ յայտնեց Լիբանան վերադառնալու ու հայ համայնքին հետ գործակցելու իր պատրաստակամութիւնը:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանրապէս անդրադառնալու Միջին Արեւելքի պարզած ներկայ աշխարհաքաղաքական պատկերին ու յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան:

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Պահաա Հարիրիի այցելութիւնը՝ յիշեց, որ երկար տարիներու վրայ տարածուած բարեկամական ու գործակցական յարաբերութիւն կայացած է Ռաֆիք Հարիրիի, Կաթողիկոսարանին եւ հայ համայնքին միջեւ: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հարիրի ընտանիքին բերած կարեւոր նպաստին Լիբանանի վերաշինութեան ու բարգաւաճման աշխատանքներուն: Խօսելով հայ համայնքին մասին՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը յիշեցուց, թէ որպէս եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, հայ համայնքը կը մնայ ամրօրէն կառչած իր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն՝ գործակցելով բոլոր համայնքներուն հետ:

Անդրադառնալով սփիւռքի տարածքին ապրող հայ գաղութներուն եւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջազգային յարաբերութեանց՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց Լիբանանի իւրայատուկ կարեւորութիւնը թէ՛ քրիստոնեայ համայնքներուն եւ թէ՛ հայ համայնքին համար: Հետեւաբար, Լիբանանի վերածաղկումը, պետական կառոյցներու ամրացումով, կը նկատենք հրամայական, ըսաւ Հայոց Հայրապետը:

Պահաա Հարիրի, առաջին հերթին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի հայութեան՝ անոր անդամները նկատելով օրինակելի քաղաքացիներ՝ հաւատարիմ լիբանանեան միութեան ու գերիշխանութեան: Ան յայտնեց, որ ինք շուտով կը վերադառնայ Լիբանան՝ շարունակելու համար իր հօր քաղաքական ուղեգիծը՝ գործակցելով բոլոր համայնքներուն հետ: Հարիրի նաեւ շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներուն եւ հայ համայնքին կարեւոր դերակատարութիւնը Լիբանանի ծաղկումին առնչութեամբ: Ան նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ իր ունեցած կապերուն, միջազգային թէ միջին արեւելեան մակարդակներու վրայ, շեշտելով՝ թէ որեւէ ժամանակէ աւելի միջազգային համայնքը յանձնառու է օժանդակելու Լիբանանի վերականգնումին: Հարիրի յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ խորհրդակցութիւնները շարունակելու Վեհափառ Հայրապետին հետ: