Եսայի մարգարէն, մարգարէներու բոլոր ձիրքերը իր մէջ բովանդակող, անձնազոհ եւ Աստուծոյ հնազանդ, ինչպէս նաեւ բանաստեղծական հանճար ունեցող մարգարէ մըն է: Եսայի անունը թարգմանաբար եբրայերէնէ կը նշանակէ՝«Տէրը կը փրկէ»: Այս անունին հոմանիշն է նաեւ «Յիսուս» անունը:
Անոր գործունէութիւնը, Երուսաղէմի մէջ, տեւած է վաթսուն տարի: Տէրը զինք կանչած է քսան տարեկանին, իսկ վախճանումը՝ խոր ծերութեան մէջ պատահած է: Եբրայական գրականութեան համաձայն մարգարէն սղոցուելով նահատակուած է, Յությի անօրէն թագաւորին՝ Մանասէի օրերուն:
Մարգարէին գիրքը յստակ երկուքի բաժնուած է, առաջին մասը երեսունինը գլուխներէ կը բաղկանայ, իսկ երկրորդը՝ քառասունէն վաթսուն:
Առաջին մասին մէջ արձանագրուած կը գտնենք այն մարգարէութիւններն ու պատմական դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած էին, երբ Եսայի մարգարէ պաշտօնին վրայ էր եւ միջամուխ՝ տիրութեան քաղաքական գործերուն պատգամներ փոխանցելու:
Երկրորդ բաժինը, ան իր կեանքի վերջին տարիներուն գրած է, երբ կը սկսի մարգարէանալ ապագան: Եսայի այս բաժինով, ֆիզիքական ազատութիւնը յիշելով չի բաւականանար, այլ կ’աւետէ Մեսիայով գալիք ազատութեան՝ եւ Աստուծոյ հոգեւոր թագաւորութեան հաստատման մասին:
Եսայի մարգարէն նշանաւոր է իր տեսիլքով, անոր տրուեցաւ Տէրը տեսնելու շնորհքը իր Փառքի Աթոռին վրայ, Սէրովբէներով ու Քերովբէներով նկարագրուած: Տեսիլքի ընթացքին ան բարձրաձայն կ’աղաղակէ, ըսելով, որ ինք պղծաշրթունք մարդ է եւ կ’ապրի պիղծ մարդոց մէջ: Աստուծոյ հրեշտակը անմիջապէս կը սրբագործէ մարգարէին շրթները, որպէսզի Եսայի կարողանայ մարգարէանալ, Սուրբ Կոյս Մարիամի Ս. Հոգւոյ միջոցաւ յղանալու եւ աշխարհի Փրկիչը ծնելու մասին:
Եսայի մարգարէ արժանաւորապէս կը կոչուի «Աւետարանիչ Մարգարէ»:
Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը անոր գիրքը կոչած են «Աւետարան ըստ Եսայեայ», որովհետեւ կը պատմէ Մեսիայի ծնունդը, տնօրինական կեանքն ու առաքելութիւնը, մեղսաքաւիչ մահը, ամենայաղթ յարութիւնն ու յաւիտենական թագաւորութիւնը:
Տաթեւ Աւ․ Քհնյ. Միքայէլեան