Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2025-ին, նախագահութեամբ՝ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Նոր Դասագիրքերու շնորհահանդէսը:
Ներկայ էին՝ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչն ու Հոգեւոր Հովիւը, Ազգային Վարչութեան անդամներ, դասագիրքերու հեղինակ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեան, Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, Կիրակնօրեայ Դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, աշակերտներն ու անոնց ծնողները։
Հանդիսավարներն էին՝ Սուրբ Աստուածածին Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, արտայայտելով իրենց կապուածութիւնն ու սէրը Կիրակնօրեայ Դպրոցին հանդէպ: Ապա հրաւիրեցին իրենց եղբայրները երգելու Կիրակնօրեայ Դպրոցներու մաղթերգը:
Մաղթերգի երգեցողութենէն ետք, «Մեղրիկ Բարիքեան» Կրտսերաց երգչախումբը հրամցուց փունջ մը շարականներ, խմբավարութեամբ՝ Տիկին Հիլտա Գանտահարեանի։
Ապա, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, փոխանցեց բաժանմունքի խօսքը, շեշտելով. «Քրիստոնէական Դաստիարակութիւնը պէտք է նկատուի ոչ թէ ընտրելի, այլ անբաժանելի մասնիկը հայ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ»:
Իր խօսքին աւարտին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բաժինը բերած էին այս դասագիրքերու կազմութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքներուն:
Հայր Սուրբին խօսքէն ետք, Կիրակնօրեայի աշակերտուհիներէն մէկը արտասանեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքներէն հատուած մը։
Ապա, Դասագիրքերու հեղինակ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեան ներկայացուց եռահատոր դասագիրքերու պատրաստութեան ամբողջ գործընթացը, խօսելով՝ դասագիրքի բովանդակութեան, աշախատանքային գրքոյկի եւ ուսուցիչի ուղեցոյցի մասին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, ուսուցիչ կամ հաւատացեալ, երբ սոյն երեք դասագիրքերը կարդայ, համարեայ կարդացած կ’ըլլայ ամբողջ Աստուածաշունչը: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց, որ Աստուածաշունչը բոլորին կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը ըլլայ, այլապէս բոլորիս կեանքը ճահիճի կը վերածուի:
Պարոն Գաբուճեանի խօսքէն ետք, Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտներէն մէկը երգեց ապաշխարութեան շարական մը։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան վերարժեւորեց կրթական այս նոր նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը մեր համայնքային կեանքէն ներս: Ան ընդգծեց, որ Դաստիարակութիւնը հիմնաքարը կը կազմէ մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ սերունդներու գոյատեւման:

«Այս դասագիրքերը միայն էջեր չեն՝ այլ սերմեր են, որ ցանուած են մեր զաւակերուն հոգիներուն մէջ: Սերմեր՝ որոնք պիտի ծլին՝ հաւատքով, որոնք ջուր պիտի ստանան՝ աղօթքով ու ուսուցմամբ, եւ որոնք պիտի պտղաբերին՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը:
Ապա իր գնահատանքը արտայայտեց՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեանին, Հոգեբան Սիւզաննա Սարգսեանին (Խաղերու Հեղինակ), Արուեստագէտ Շուշան Գէորգեանին (Նկարազարդման Հեղինակ) եւ Նայիրի Մկրտիչեանին (Խմբագրական աշխատանքներու համար) անոնց կատարած բծախնդիր աշխատանքներուն համար:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց Հայր Յակոբը եւ Դոկտ. Տանիա Օհանեանը, իրենց տարած աշախատանքին համար:
Երեկոն իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
*********************************
Անոնք որոնք կը փափաքին Դասագիրքերէն օրինակներ ունենալ, կրնան կապուիլ Ազգային Առաջնորդարան, գրելով՝ admin@armenianprelacy.ca հասցէին, կամ հեռաձայնելով՝ 514-856-1200 թիւին: