Շաբաթ, 19 Յուլիս 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս։ Վերջինս քանի մը ժամուան այցելութեամբ Լիբանան ժամանած էր՝ աշխատանքային հանդիպումներ ունենալու նախագահին, վարչապետին ու պաշտպանութեան նախարարին հետ։
Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի ու Յունաստանի միջեւ ծաւալող գործակցութեան, յատկապէս զինուորական մարզէն ներս։
Յայտնենք, որ շուրջ երկու ամիս առաջ, Յունաստան կատարած Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութեան ընթացքին, նախարար Տենտիաս ճաշկերոյթ մը սարքած էր ի պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։