ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ

Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երեքշաբթի, 10 Յունիս 2025-ին, սկիզբ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական լիակատար նիստերը։

Գլխաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան իրենց մասնակցութիւնը բերին վերոնշեալ ժողովներուն։

Շաբաթ, 14 Յունիսի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։

Հանդիպման ընթացքին, անոնք շնորհաւորեցին Նորին Սրբութեան Ընտրութեան եւ Գահակալութեան 30-ամեակը, մաղթելով ընդ երկար գահակալութիւն։

Ապա, արծարծեցին Թեմիս հետ առնչուող հարցեր եւ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին Թեմիս գործունէութեան մասին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ