ՏՕՆ՝ ՍՐԲՈՑ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԱՑՆ ՄԵՐ ԹԱԴԷՈՍԻ ԵՒ ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍԻ

Շաբաթ 28 նոյեմբեր 2026-ին, Հայ Առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Առաքեալներու եւ մեր առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթուղիմէոսի յիշատակութեան օրը։

Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալները Հայ Եկեղեցւոյ առաջին հիմնադիրներն են: Անոնք Հայաստանի «Առաջին Լուսաւորիչներ» կոչուեցան, քանի որ իրենց առաքելանուէր գործունէութեամբ, Տիրոջ խօսքերով լուսաւորեցին մարդոց մթագնած հոգիները: Ս. Թադէոս առաքեալը, Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն էր: Անոր, Հայաստանի տարածքին ունեցած գործունէութեան մասին առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ հայոց Սանատրուկ թագաւորի դստեր՝ Սանդուխտի նահատակութեան պատմութիւնը: Ս. Թադէոսի առաքելութիւնը կը սկսի Հիւսիսային Միջագետքի Եդեսիոյ քաղաքէն, ուր կ’իշխէր Աբգար թագաւորը: Աւանդութեան համաձայն, առաքեալը կը բժշկէ հիւանդ թագաւորը եւ կը քարոզէ Յիսուսի մասին:

Մովսէս Խորէնացի պատմիչը կը վկայէ, թէ Եդեսիոյ բնակիչներուն մեծ մասը, այդ թուին նաեւ Աբգար թագաւորը եւ պալատականներէն շատեր քրիստոնեայ կը դառնան:

Ս. Թադէոս առաքեալը Եդեսիայէն քարոզելով կը հասնի Վասպուրականի Արտազ գաւառի Շաւարշան գիւղաքաղաքը, որ հայոց թագաւորի ամառանոցն էր: Ան համարձակութեամբ զինուած կը քարոզէ Քրիստոսի ուսուցումները: Իր քարոզներուն շնորհիւ քրիստոնեայ կը դառնան Սանդուխտ արքայադուստրը եւ ժողովրդային մեծ զանգուած մը:

Հայոց Սանատրուկ թագաւորը եւ իշխաններէն ոմանք կը մերժեն «Կենաց խօսք»ը եւ թշնամաբար կը տրամադրուին դարձի եկողներուն հանդէպ եւ կը փորձեն արգելք հանդիսանալ քրիստոնէութեան տարածման: Ապա հալածանք կը սկսի նորադարձներուն դէմ: Թագաւորի հրամանով բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը բանտարկուին ու մահապատիժի կ’ենթարկուին: Թագաւորը չի խնայեր եւ մահուան կը դատապարտէ նոյնիսկ իր դուստրը՝ Սանդուխտը: Որոշ ժամանակ ետք, կը ձերբակալուի նաեւ Ս. Թադէոս առաքեալը եւ սոսկալի տանջանքներէ ետք մահապատիժի կ’ենթարկուի ան եւս:

Ս. Բարթուղիմէոսը նաեւ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն էր: Աւազանի անունով «Նաթանաէլ», որ կը նշանակէ «Աստուածատուր»: Ս. Բարթուղիմէոսը կը կոչուի նաեւ «նախադաւան», որովհետեւ առաջին անձն էր, որ դաւանեցաւ Քրիստոսի Աստուածութիւնը: Մինչեւ Հայաստան գալը, Ս. Բարթուղիմէոսը քարոզած էր Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ: Ան Ս. Թադէոս առաքեալի գործունէութեան տարիներուն կը հասնի Հայաստան: Աւանդութեան համաձայն, դէպի Արտաշատ իր ուղեւորութեան ընթացքին, համանուն բլուրին վրայ, Օթեաց Խաչ կոչուած վայրին մէջ կը հանդիպի Ս. Թադէոսին եւ միասին այնտեղ գիշերելէ ետք կրկին կը բաժնուին իրարմէ:

Ս. Բարթուղիմէոսը, թէեւ կը շրջի Հայաստանի զանազան գաւառները, բայց անոր քարոզութեան հիմնական վայրը Սիւնիք նահանգը կը հանդիսանայ, ուր բազմաթիւ հայեր կ’ընդունին քրիստոնէութիւնը: Ան Գողթն գաւառին մէջ կը կառուցէ եկեղեցի մը եւ կը հիմնէ եպիսկոպոսական աթոռ, ուր եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ իր աշակերտներէն Կումսիին:

Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներէն ետք Ս. Բարթուղիմէոսը վերջապէս կը հասնի Վասպուրականի Աղբակ գաւառը, ուր կը սկսի իր սրբանուէր գործունէութիւնը: Իր քարոզներուն հետեւանքով քրիստոնեայ կը դառնան Սանատրուկ թագաւորին քոյրը՝ Ոգուհին, ինչպէս նաեւ Տէրէնտիոս հազարապետը: Արքայի հրամանով կը ձերբակալուին առաքեալը, արքային քոյրը՝ Ոգուհին եւ հազարապետ Տէրէնտիոսը ու կը բերուին արքունի ատեան: Երկարատեւ տանջանքներէ ետք Սանատրուկի հրամանով կը նահատակուին:

Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու նահատակութենէն ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հալածանքները չկրցան կասեցնել քրիստոնէութեան տարածումը: Հայ Եկեղեցին ամէն տարի Դեկտեմբեր ամսուան սկիզբը կ’ոգեկոչէ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթուղիմէոսի յիշատակը: Սուրբ առաքեալներու աստուածպաշտութեան խորհուրդով եւ աստուածգիտութեան լոյսով, պայծառացնենք մեր հայու հոգին եւ հաւատքը, փարատելու համար մեր հոգիներու եւ մտքերու խաւարը:

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան