Երբեք այսքան տեսանելի չենք եղած, ու թերեւս, երբեք այսքան անճանաչելի չենք մնացած։ Մեր կեանքին պատկերները հարիւրաւոր մարդոց առջեւ կը պարզենք, բայց երբեմն մէկ անձ անգամ չունինք, որուն առջեւ կարենանք անկեղծօրէն ըսել. «Լաւ չեմ»։ Ընկերային ցանցերու վրայ մեր ժպիտները կը տարածենք, մեր յաջողութիւնները կը ցուցադրենք, մեր երջանիկ պահերը կ’անմահացնենք։ Մինչդեռ այդ պատկերներէն անդին կը մնան մեր թուլութիւնները, անձայն պայքարներն ու չարտասանուած ցաւերը։
Խնդիրը այն չէ, որ աշխարհին չենք ցուցադրեր մեր կեանքին բոլոր երեսները։ Խնդիրը կը սկսի այն պահուն, երբ ուրիշներուն համար ստեղծած պատկերը ինքներս ալ կը սկսինք իրականութիւն կարծել։ Հետզհետէ մեր արժէքը կը սկսինք չափել ո՛չ թէ մեր ապրած կեանքին խորութեամբ, այլ՝ ուրիշներու հաւանութեան չափով։
Դիմակ կրելու մարդկային սովորութիւնը մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ։ Աստուածաշունչին առաջին էջերուն իսկ կը հանդիպինք մարդու՝ թաքնուելու առաջին փորձին։ Երբ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, անոնց առաջին հակազդեցութիւնը թաքնուիլն էր։ Անոնք, երբ լսեցին Տէր Աստուծոյ ձայնը, պարտէզին ծառերուն մէջ պահուըտեցան (Ծննդոց 3.8)։ Դիմակը նոյնքան հին է, որքան մեղքը։ Մեղանչումէն առաջ Ադամն ու Եւան մերկ էին, բայց չէին ամչնար (Ծննդոց 2.25)։ Անոնք առանց որեւէ բան թաքցնելու կը ներկայանային Աստուծոյ եւ իրարու։ Մեղքը խորտակեց այդ թափանցիկութիւնը եւ անոր տեղ բերաւ թաքնուելու ձգտումը։
Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը խորապէս ըմբռնած էին այս իրողութիւնը։ Օրինակ, Ս. Գրիգոր Նիւսացին կ’ըսէ, թէ մեղանչումէն ետք Ադամին ու Եւային տրուած հանդերձները (Ծննդոց 3.21) ոչ թէ միայն մարմնի զգեստ էր, այլեւ կը խորհրդանշէր կիրքերու, վախերու եւ պատրանքներու այն ամբողջութիւնը, որ այժմ մարդուն իսկական անձը կը քօղարկէ Աստուծոյ եւ իր նմաններուն առջեւ (Մարդու կազմութեան մասին)։ Այս իմաստով, մենք դիմակաւոր էակներ ենք, որոնք կ’ապրին աշխարհի մը մէջ, ուր մարդոց հանդիպումները յաճախ դիմակաւոր հանդիպումներ են։

Աստուած չէ՞ր գիտեր Ադամին գտնուած տեղը։ Ան հարցումը չուղղեց տեղեկութիւն ստանալու համար, այլ՝ որպէսզի Ադամ անդրադառնար, թէ ո՞ւր կը գտնուէր իր Արարիչին հետ ունեցած յարաբերութեան մէջ։
Այս առումով, կարեւոր է յիշել, թէ հաւատքը անթերի ըլլալու ցուցադրութիւն չէ։ Քրիստոս մեզ չի հրաւիրեր անթերի երեւնալու, այլ՝ ճշմարտութեան մէջ ապրելու։ Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակին մէջ (Ղուկաս 18.9-14) երկուքն ալ տաճար գացած էին աղօթելու։ Մէկը Աստուծոյ առջեւ կը ներկայացնէր իր առաքինութիւնները, իսկ միւսը կ’ընդունէր իր մեղաւորութիւնը։ Եւ Յիսուս կը յայտնէ, թէ երկրորդը արդարացած վերադարձաւ իր տունը։ Փրկարար եղաւ ոչ թէ անոր անթերիութիւնը, այլ՝ իր իրական վիճակը ճանչնալու եւ Աստուծոյ ողորմութեան դիմելու խոնարհութիւնը։
Որքա՜ն յաճախ Աստուծոյ կը ներկայանանք նոյն այն դիմակով, զոր կը կրենք մարդոց առջեւ։ Մեր աղօթքներուն մէջ չենք համարձակիր արտայայտել մեր սրտին իսկական վիճակը։ Կարծես Աստուած մեզմէ կը սպասէ միայն այն խօսքերը լսել, որոնք մենք հաճելի կը կարծենք Իրեն։
Մինչդեռ աղօթքը այն հանդիպումն է, ուր վերջապէս կրնանք հրաժարիլ երեւնալու պարտադրանքէն։ Իսկ խոստովանութիւնն ու ապաշխարութիւնը մեզի կ’ընծայեն մեր սխալները ճանչնալու, զանոնք Աստուծոյ ողորմութեան յանձնելու եւ նորոգուած կեանք սկսելու կարելիութիւնը։
Ի վերջոյ, մեր մեծագոյն ազատութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ այլեւս կարիքը չենք զգար ուրիշներուն առջեւ ըլլալու այն, ինչ որ իրականութեան մէջ չենք։ Աստուած մեզ կը սիրէ ո՛չ թէ այն պատկերին համար, զոր կը ստեղծենք մեր անձին շուրջ, այլ՝ որովհետեւ Իր զաւակներն ենք։ Ան կը ճանչնայ մեր տկարութիւնները, մեր վախերն ու մեր թաքուն պայքարները եւ, այդ բոլորով հանդերձ, կը շարունակէ մեզ սիրել ու կանչել դէպի Իրեն։
Եւ թերեւս հոգեւոր հասունութեան առաջին քայլը այն է, որ դադրինք Ադամին նման թաքնուելէ եւ համարձակինք Աստուծոյ ներկայանալ այնպէս, ինչպէս որ ենք։ Որովհետեւ քրիստոնէական կեանքին նպատակը մեր դիմակները կատարելագործելը չէ, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքով վերագտնելը մեր իսկական դէմքը։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան