Կարելի՞ է Աստուծոյ մասին շատ բան գիտնալ, բայց տակաւին չճանչնալ Զինք։ Կարելի՞ է Քրիստոսի այնքան մօտ գտնուիլ, որ կարծես Ան մեր կեանքին անբաժան մէկ մասն է, բայց չհաւատալ Անոր։
Այս հարցումները մեզ կը տանին Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած զարմանալի վկայութեան մը.
«Որովհետեւ նոյնիսկ իր եղբայրները չէին հաւատար իրեն» (Յովհաննէս 7.5)։
Այս խօսքին նշանակութիւնը աւելի լաւ հասկնալու համար պէտք է նկատի ունենալ անոր նախորդող դէպքը։
Հրէական Տաղաւարներու տօնը կը մօտենար։ Յիսուսի եղբայրները կը քաջալերէին Զինք երթալ Երուսաղէմ, որպէսզի իր գործած հրաշքները հրապարակաւ կատարէ եւ բոլորին ծանօթ դառնայ։ Անոնց տրամաբանութեամբ՝ եթէ Յիսուս իսկապէս այդպիսի զարմանահրաշ գործեր կը կատարէր, ինչո՞ւ պէտք էր ծածուկ մնար։ Ինչո՞ւ Իր զօրութիւնը բոլորին առջեւ չէր ցուցադրեր։
Առաջին ակնարկով անոնց խօսքերը կրնան հաւատքի արտայայտութիւն թուիլ։ Անոնք չէին ժխտեր Յիսուսի գործերը, այլ կ’ուզէին, որ Ան զանոնք հրապարակաւ ցոյց տայ։ Սակայն Յովհաննէս աւետարանիչը կը բացայայտէ անոնց խօսքերուն ետին գտնուող իրականութիւնը. «Նոյնիսկ իր եղբայրները չէին հաւատար իրեն»։
Ահա այստեղ կը գտնուի այս հատուածին խորունկ պատգամը։ Անոնք ընդունած էին Յիսուսի արտասովոր կարողութիւնները, բայց չէին հասկցած Անոր առաքելութեան իսկական իմաստը։ Հրապարակային յաջողութեան եւ ճանաչումի մասին կը մտածէին, երբ Յիսուսի կամքը միայն Հօր Աստուծոյ կամքը կատարել էր։

Ահա թէ ինչու Յիսուս կը պատասխանէ. «Իմ ժամանակս տակաւին չէ հասած» (Յովհաննէս 7.6)։
Յիսուսի եղբայրները կ’ուզէին, որ Յիսուս իրենց ակնկալութիւններուն համաձայն գործէ. Բայց հաւատքը կը պահանջէր, որ անոնք Իրեն վստահէին։
Այս տարբերութիւնը այսօր մեզի եւս կը վերաբերի։
Քանի՜ անգամ մենք ալ Աստուծոյ կը մօտենանք մեր պատրաստ ակնկալութիւններով։ Կ’աղօթենք, որպէսզի լուծէ մեր դժուարութիւնները, իրականացնէ մեր ծրագիրները, բժշկէ մեր հիւանդութիւնները եւ պատասխանէ մեր խնդրանքներուն։ Այս բոլորը բնական եւ արդար աղօթքներ են։ Սակայն երբ Աստուած չի պատասխաներ մեր սպասած ձեւով, կամ Իր պատասխանը կ’ուշանայ, ի՞նչ կը պատահի մեր հաւատքին։
Կը շարունակե՞նք վստահիլ Անոր, թէ՞ կը սկսինք կասկածիլ Իր ներկայութեան եւ սիրոյն։
Յիսուսի եղբայրներուն օրինակը կը յիշեցնէ, թէ հաւատքը Աստուծոյ զօրութիւնը ընդունելէն աւելի խոր բան մըն է։ Հաւատալ կը նշանակէ վստահ ըլլալ, որ Աստուած կրնայ կատարել մեր ուզածը, բայց նաեւ վստահիլ Իրեն, երբ չի կատարեր մեր ուզածը։
Ուրեմն, ճշմարիտ հաւատքը չի չափուիր միայն անով, թէ որքան ծանօթ ենք Քրիստոսի, այլ նաեւ անով, թէ որքանով Անոր ներկայութիւնը կը փոխէ մեր կեանքը։
Եւ Յիսուսի եղբայրներուն պատմութիւնը յուսադրող աւարտ մը ունի։ Յարութենէն ետք զանոնք կը տեսնենք աշակերտներուն հետ՝ աղօթքի մէջ միաբանուած (Գործք 1.14)։ Անոնք, որոնք ժամանակ մը չէին հաւատար, այժմ մաս կը կազմէին հաւատացեալներու համայնքին։
Այս իրողութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ հաւատքը ճանապարհորդութիւն մըն է։ Մենք ալ կրնանք կասկածներէ, սխալ ակնկալութիւններէ եւ թերի հասկացողութենէ անցնիլ դէպի աւելի հասուն ու խորունկ հաւատք։
Ուստի այսօր հարց տանք մենք մեզի. Կը հաւատա՞նք Քրիստոսի, որովհետեւ Ան մեր ուզածը կրնայ կատարել, թէ՞ կը հաւատանք Անոր, որովհետեւ Ան մեր Տէրն ու Փրկիչն է։
Թող մեր հաւատքը չսահմանափակուի Աստուծոյ մասին մեր գիտցածով կամ Անկէ մեր ակնկալածով, այլ արտայայտուի այն կեանքով, զոր պատրաստ ենք ապրելու Անոր համար։
Որովհետեւ Քրիստոսի մօտ գտնուիլը մեծ օրհնութիւն է, որ կը սկսի այն ատեն, երբ Անոր կը յանձնենք ոչ միայն մեր խնդրանքները, այլ նաեւ մեր կամքն ու ամբողջ կեանքը։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան