Նախագահութեամբ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին
Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, տեղի պիտի ունենայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութիւն՝ հետեւեալ վարդապետներուն.-
1. Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանի
2. Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանի
3. Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանի
4. Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեանի
5. Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի
6. Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի
7. Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի
8. Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի
9. Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանի
Տուուչութիւնը պիտի կատարէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
(Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի)
Յայտնենք, որ Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2026-ին, թեկնածուները Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան, պիտի ներկայացնեն ու պաշտպանեն իրենց աւարտաճառերը։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնալու ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութեան արարողութեան եւ աղօթակից ըլլալու մեր հոգեւոր հայրերուն։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ