ՓԱ՜ՌՔ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՄԵՆԱԶՕՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ
Սայլն այն իջանէր ի լեռնէն ի Մասեաց,
Եւ ի վերայ նորա աթոռք են կարգեալ,
Եւ ի վերայ նորա գահոյք ոսկեղէնք,
Եւ ի վերայ նորա բեհեզք ծիրանիք,
Եւ ի վերայ նորա որդի արքայի,
Եւ յաջմէ նորա վեցթեւեան սերովբէքն,
Յահեկէ նորա բազմաչեայ քերովբէքն,
Առաջի նորա մանկունք գեղեցիկ,
Ի գիրկս նոցա խաչն տէրունական,
Ի ձեռին նոցա սաղմոսարան եւ քնար,
Որք երգէին եւ ասէին՝

Փա՜ռք Քրիստոսի ամենազօր Յարութեան
Այն կառքը Մասեաց լեռնէն վար կ՚իջնէր,
Եւ անոր վրայ աթոռներ զետեղուած էին,
Եւ անոր վրայ ոսկեղէն գահեր կային,
Եւ անոր վրայ ծիրանի բեհեզներ փռուած էին,
Եւ անոր վրայ արքայի որդին էր,
Անոր աջ կողմը՝ վեցթեւեան Սերովբէները,
Իսկ ձախ կողմը՝ բազմաչեայ Քերովբէները։
Անոր առջեւ գեղեցիկ մանուկներ կային,
Անոնց գիրկերուն մէջ՝ Տէրունական խաչը,
Իսկ անոնց ձեռքերուն մէջ՝ սաղմոսարան ու քնար,
Եւ անոնք կ՚երգէին ու կ՚ըսէին՝
Փա՜ռք Քրիստոսի ամենազօր Յարութեան
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի (951–1003)