Ապաշխարհութիւն

— Ի՞նչ կը նշանակէ մեղք։

— Մեղք կը նշանակէ յանցանք, ճշմարտութեան դէմ հակառակութիւն եւ անհնազանդութիւն Աստուծոյ։

— Ի՞նչ է մեղքին հետեւանքը կամ վարձքը։

— Մեղքը կ՚ապականէ մարդը եւ զայն կը հեռացնէ Աստուծմէ։ Մեղանչողը իր ապականութեամբ ինքզինք թշնամի կ՚ընէ Աստուծոյ։ Հետեւաբար մեղքին վարձքը մահ է (ԾՆՆԴ. Բ. 17։ ՀՌՈՎՄ. Զ. 23։ ՅԱԿ. Ա. 15)։ Մեղաւորը իր գործած մեղքին պատճառով կը դատապարտուի մահուան եւ յաւիտենական տանջանքի։ Բայց ամէն անոնք որոնք Աստուծոյ առջեւ կը խոստովանին իրենց մեղքերը, թողութիւն կը ստանան (Ա. ՅՈՎՀ. Ա. 8-9)։ Ապաշխարող մեղաւորին համար մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խաչը քով քաւութիւն է եւ մեղքերու քաւութիւն կը շնորհէ (Ա. ՅՈՎՀ. Բ. 1-2)։

— Պայմա՞ն է որ բոլոր մարդիկ ապաշխարեն։

— Այո, քանի որ բոլոր մարդիկ կամայ թէ ակամայ ենթակայ են մեղքի ու յանցանք գործելու փորձութեան։ Ուստի ամէնքս ալ պէտք է զղջանք, խոստովանինք, ապաշխարենք ու դարձի գանք, որպէսզի ջնջուին մեր մեղքերը։

Ոեւէ մէկը որ չի զղջար իր մեղքերուն համար եւ կամաւորութեամբ թողութիւն չի խնդրեր Աստուծմէ, չի կրնար ստանալ երկնքի արքայութիւնը։ Թէեւ բոլոր մկրտուողները որդեգիրներ եւ երկնքի արքայութեան ժառանգորդներ են ու բնակիչներ երկնքի Անդրանիկաց ժողովին, սակայն մեղանչելով կը դատապարտուին կորսնցնելու իրենց աստուածային որդեգրութեան ու անդրանկութեան իրաւունքը։ Ուստի ամէն ոք պէտք է ապաշխարէ ու դարձի գայ, որպէսզի վերանորոգուի իր որդեգրութիւնը։ Ամէն անոնք որոնք իրենց նման անառակներ կը գտնուին իրենց աստուածային որդեգրութեան կոչումին հանդէպ ու կամաւորութեամբ կը թաւալին մեղքի տիղմին մէջ եւ չեն ապաշխարեր, իրենց անդրանկութեան իրաւունքը զրկած կ՚ըլլան աշխարհային սին հաճոյքներով փոխարինելով։ Անոնք կը զրկուին Աստուծոյ օրհնութենէն եւ երկինքի արքայութեան փառքէն։ Այդպիսիները այս աշխարհէն բաժնուելէ ետք այլեւս թողութեան տեղ չեն գտներ։

— Ինչո՞ւ համար խորհուրդ է ապաշխարութիւնը։

— Որովհետեւ ապաշխարողը իր մեղքերուն համար թողութիւն կը ստանայ, կը նորոգուի, կը վերականգնի, ներքին փոփոխութիւն եւ հոգեկան խաղաղութիւն կ՚ունենայ։

— Ի՞նչ կը նշանակէ խոստովանութիւն։

— Խոստովանութիւն կը նշանակէ գործուած մեղքի, յանցանքի եւ կամ այլ սխալ արարքի յայտարարութիւն եւ զղջումի արտայայտութիւն։

Նուպար Սրկ. Պէրպէրեան  «Ճանչնանք Մեր Եկեղեցին»