«ՔՈ ԴՐԱՑԻԻԴ ԴԷՄ ՍՈՒՏ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԻ՛ ՏԱՐ»։
1. Ի՞նչ կը նշանակէ դրացիին դէմ սուտ վկայութիւն տալ։
Դատաւորի մը կամ ուրիշ անձի մը առջեւ սուտ վկայել, թէ մեր դրացին կամ եղբայրը յանցանք մը գործած է։
2․ Ի՞նչ տեսակ մեղք է սուտ վկայութիւն տալը։
Սուտ վկայութիւն տալը շատ ծանր մեղք մըն է, ինչպէս սպանութիւնը, շնութիւնը եւ գողութիւնը։
3. Ինչո՞ւ սուտ վկայութիւն տալը մեծ մեղք մըն է։
Որովհետեւ, դատաւորի մը առջեւ սուտ վկայութիւն տալով՝
- Մահացու մեղք կը գործենք՝ սուտ երդում ընելով։
- Վտանգի կ’ենթարկենք մեր եղբօր պատիւը, ինչքը եւ կեանքը, եւ երբեմն պատճառ կը դառնանք, որ ան կորսնցնէ զանոնք։
- Կրնանք դատաւորին սխալ վճիռ արձակել տալ եւ մեր սուտ վկայութեան հաւատալուն հետեւանքով անմեղը դատապարտել տալ։
4. Ի՞նչ է զրպարտութիւնը։
Զրպարտութիւնը այն սուտ վկայութիւնն է, զոր ընկերութեան մէջ կը ներկայացնենք մեր եղբօր դէմ՝ զինք յանցանքի մը մէջ մեղադրելով, որուն համար ան անմեղ է։ Աստուած կը պատուիրէ. «Մի՛ գողնաք, մի՛ խաբէք եւ իրարու մի՛ ստէք» (Ղեւտացւոց ԺԹ․ 11)։
5. Ինչո՞ւ զրպարտութիւնը ծանր մեղք մըն է։
Որովհետեւ՝
- Ան սուտ մըն է։
- Կը արատաւորէ մեր եղբօր պատիւը, որ իրեն համար կեանքին չափ թանկագին է։
- Կը վնասէ անոր շահերուն եւ կրնայ մեծ կորուստներ պատճառել թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր ընտանիքին։
- Վերջապէս, շատ դժուար է հատուցել այն վնասները, զորս կը պատճառենք մեր զրպարտութեամբ։

6. Ի՞նչ տարբերութիւն կայ զրպարտիչին եւ սուտ վկայութիւն տուողին միջեւ։
Սուտ վկայութիւնը մեծ վնաս կը պատճառէ, սակայն, քանի որ սուտ վկայութիւն տուողը բացայայտ կերպով կը խօսի, հարցը կարելի կ’ըլլայ քննել, եւ ամբաստանեալը կրնայ արդարանալ։ Իսկ զրպարտիչը վախկոտ եւ գաղտնաբար գործող անձ մըն է, որ իր գործը կը կատարէ գաղտնի եւ մութին մէջ։ Զրպարտութեամբ պատճառուած վնասը չափել անկարելի է։
7. Ինչո՞ւ դժուար է հատուցել զրպարտութեամբ պատճառուած վնասը։
Որովհետեւ զրպարտութիւնը արագօրէն կը տարածուի բերնէ բերան։ Հետեւաբար, չենք կրնար գիտնալ, թէ քանի՛ հոգի լսած կամ հաւատացած են զրպարտութեան, եւ այս պատճառով անկարող կ’ըլլանք համոզելու զանոնք, թէ անմեղ անձ մը զրպարտած ենք։
8․ Կրնա՞նք միշտ համոզել ուրիշները, թէ մեր ըսածը զրպարտութիւն էր։
Ո՛չ։ Ասիկա շատ դժուար է, որովհետեւ մարդիկ աւելի դիւրաւ կը հաւատան չար լուրերու, քան ճշմարիտ վկայութեան։ Հետեւաբար, անարդարօրէն արատաւորուած համբաւը վերականգնելը գրեթէ անկարելի կ’ըլլայ։ Արդիւնքին մէջ, մեր զրպարտութիւնը յաճախ կրնայ աղէտներու պատճառ դառնալ, որոնց համար Արդար Դատաւորը՝ Աստուած, խիստ հաշիւ պիտի պահանջէ։
9. Միայն խօսքո՞վ կը կատարուի զրպարտութիւնը։
Ո՛չ։ Զրպարտութիւնը կը կատարուի նաեւ գրաւոր ձեւով՝ զայն գիրքերու եւ թերթերու մէջ հրատարակելով։ Այս ձեւը շատ աւելի վնասակար է եւ դժուար կը դարձնէ վնասին հատուցումը, որովհետեւ շատեր կրնան կարդալ եւ հաւատալ անոր։ Աւելին, հրատարակուած զրպարտութիւնները կրնան մնայուն կերպով պահպանուիլ։ Հետեւաբար, մեր յանցանքն ալ շատ աւելի ծանր կ’ըլլայ։
10. Ի՞նչ է սուտ ամբաստանութիւնը կամ ուրիշին թերութիւնները հրապարակելը։
Մեր եղբօր թերութիւնները կամ յանցանքները չարամտութեամբ կամ առանց որեւէ անհրաժեշտութեան ուրիշներուն պատմելն է՝ անոր վնասելու եւ համբաւը արատաւորելու նպատակով։
11. Ինչո՞ւ սուտ ամբաստանութիւնը կամ ուրիշին թերութիւնները հրապարակելը ծանր մեղք մըն է։
Որովհետեւ արդարութիւնն ու եղբայրական սէրը կը պահանջեն, որ ուրիշներուն հետ վարուինք այնպէս, ինչպէս կ’ուզենք, որ ուրիշները վարուին մեզի հետ։ Եւ ինչպէս չենք ուզեր, որ ուրիշները մեզ մեղադրեն կամ ամբաստանեն, նոյնպէս պէտք չէ մենք ալ մեղադրենք կամ ամբաստանենք զանոնք։

12. Մեղք կը գործե՞նք, եթէ ծնողներուն պատմենք իրենց զաւակին յանցանքը։
Ո՛չ։ Որովհետեւ, զաւակին յանցանքը ծնողներուն յայտնելով՝ բարիք մը կը գործենք՝ յուսալով, որ անոնք իրենց զաւակը կը խրատեն եւ կը սրբագրեն։
13. Եթէ գիտնանք, որ անձ մը մեծ վնաս պիտի պատճառէ իր ազգին, ազգին իշխանութիւններուն յայտնելը ուրիշին դէմ ամբաստանութի՞ւն կը համարուի։
Ո՛չ։ Ընդհակառակը, գովելի արարք մըն է, որովհետեւ այդպէս վարուելով՝ համայնքը կը փրկենք դաւաճանի չարագործութիւններէն։
14. Ի՞նչ են մատնութիւնը եւ զրպարտութիւնը։
Մատնութիւն եւ զրպարտութիւն կը համարուի մէկ վայրի մէջ լսուածը ուրիշ տեղ պատմելը, կամ մէկ անձի ըսածը ուրիշին փոխանցելը՝ բարեկամները իրարու դէմ գրգռելով եւ զանոնք թշնամիներու վերածելով։ Այսպիսի վարուելակերպով մատնիչներն ու զրպարտիչները բազմաթիւ մեղքերու եւ վնասներու պատճառ կը դառնան։ Առաքեալը մատնութիւնը կը դասէ այն մեղքերուն շարքին, որոնք մեծ վնաս կը պատճառեն ընկերութեան (Բ․ Կորնթացիս ԺԲ․ 20, տե՛ս նաեւ Ժողովող ԺԱ․ 30, 31)։
15. Որո՞նք են զրպարտութեան աղբիւրները։
Զրպարտութեան, ուրիշին թերութիւնները հրապարակելու եւ մատնութեան գլխաւոր աղբիւրներն են չարամտութիւնը, նախանձը, վրէժխնդրութիւնը, հպարտութիւնը, կեղծաւորութիւնը եւ այլն։
16. Ուրկէ՞ կը յառաջանայ ուրիշին թերութիւնները հրապարակելու մեղքը։
Վերոյիշեալ պատճառներուն կողքին, այս մեղքը կը յառաջանայ նաեւ՝
- Տգիտութենէն․ երբ մարդ մը չի գիտեր, թէ ե՛րբ պէտք է խօսի եւ ե՛րբ՝ լռէ, անխոհեմաբար կը խօսի ուրիշներուն գործերուն մասին՝ առանց նկատի առնելու, թէ իր ըսածները ճի՞շդ են, թէ՞ սխալ։
- Պարապութենէն․ երբ պարապ մարդիկ, այրեր թէ կիներ, տունէ տուն կը շրջին եւ իրենց ժամանակը կը վատնեն անօգուտ բամբասանքներով։
- Շատախօսութենէն․ երբ բամբասելու անզուսպ ցանկութեան հետեւանքով մարդիկ անխոհեմաբար կը սկսին ուրիշներուն թերութիւնները հրապարակել եւ անոնց մասին չարախօսիլ։
(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)