JEALOUSY

My name is Rita Maral Bedrossian. I am 15 years old and attend ARS Private School, where I have been a student since kindergarten. Over the years, I have participated in many activities, including choir, church, scouts, Badanegan, and school sports. These experiences have given me the opportunity to meet different people, build friendships, and learn more about myself and others. As I have grown older, I have become more aware of something that exists everywhere—in school, among friends, and in everyday life: jealousy.

Jealousy is a feeling that almost everyone experiences at some point in life. It may arise when someone receives better grades, has something we wish we had, or seems to be doing exceptionally well. Sometimes, we find ourselves comparing our lives with those of others, wondering why they have what we do not or why everything seems to come more easily to them. Yet one important thing to understand is that feeling jealous of someone does not necessarily mean that we dislike them or wish them harm.

We can be happy for someone else’s achievements while still wanting similar success for ourselves. We can admire another person’s confidence, talents, friendships, or accomplishments without wanting them to lose what they have. There is nothing wrong with wanting to improve ourselves or striving for something better. In fact, admiration can inspire us to grow. The problem begins when jealousy turns into resentment, hatred, gossip, hurtful comments, or attempts to bring others down. Instead of celebrating someone’s happiness or success, some people try to diminish it simply because they feel insecure about their own lives. But putting someone else down will never make us better.

I believe that another person’s success should never make us feel less valuable. Each of us has our own strengths, challenges, and life journey. We all grow at different rates, and we do not all reach our goals at the same time. Just because someone achieves something before us does not mean that we will never achieve it ourselves. Rather than resenting those who have what we hope for, we can use our feelings as motivation to work towards our own goals. We should also remember that we rarely know the struggles, sacrifices, and hard work behind another person’s achievements.

Ultimately, jealousy is a natural human emotion, but what matters most is how we choose to respond to it. We do not have to dislike someone simply because they have something we wish we had. Instead, we can respect them, learn from them, and continue working towards becoming the best versions of ourselves. We can wish for our own success without wishing for someone else’s failure.

There is room in this world for everyone to grow, achieve their goals, and shine in their own way. Someone else’s light does not make ours any less bright.

Rita Maral Bedrossian

ՆԱԽԱՆՁ

Անունս Ռիթա Մարալ Պետրոսեան է։ Տասնհինգ տարեկան եմ եւ կը յաճախեմ Հ.Օ.Մ.-ի Ամենօրեայ Վարժարանը,  ուր աշակերտած եմ մանկապարտէզի տարիներէն ի վեր։ Տարիներու ընթացքին մասնակցած եմ զանազան գործունէութիւններու, ներառեալ երգչախումբի, եկեղեցւոյ, սկաուտութեան, պատանեկան միութեան եւ մարզական խումբերու։ Այս փորձառութիւնները առիթ տուած են ինծի ճանչնալու տարբեր անձեր, բարեկամութիւններ հաստատելու եւ աւելի լաւ ճանչնալու թէ՛ ինքզինքս եւ թէ՛ ուրիշները։ Տարիքիս հետ աճելով՝ սկսած եմ աւելի լաւ անդրադառնալ այն երեւոյթին, որ գոյութիւն ունի ամէն տեղ՝ դպրոցին մէջ, բարեկամներու միջեւ եւ առօրեայ կեանքին մէջ. նախանձը։

Նախանձը մարդկային բնական զգացում մըն է, որ գրեթէ իւրաքանչիւրս կ’ունենայ կեանքի ընթացքին գոնէ մէկ անգամ։ Ան կրնայ յառաջանալ, երբ մէկը մեզմէ աւելի լաւ նիշեր կը ստանայ, ունի բան մը, որ մենք կ’ուզենք ունենալ, կամ կը թուի թէ ամէն ինչի մէջ յաջողութիւն կ’ունենայ։ Երբեմն մենք մեզի կը գտնենք ուրիշներուն կեանքին հետ մեր կեանքը բաղդատելու վիճակին մէջ՝ հարց տալով, թէ ինչո՛ւ անոնք ունին այն, ինչ որ մենք չունինք, կամ ինչո՛ւ իրենց համար ամէն ինչ աւելի դիւրին կը թուի։ Սակայն կարեւոր է հասկնալ, որ մէկու մը հանդէպ նախանձ զգալը անպայման չի նշանակեր, թէ չենք սիրեր զինք կամ կը ցանկանք անոր վնաս հասցնել։

Կրնանք ուրախանալ ուրիշին յաջողութիւններով եւ միաժամանակ փափաքիլ, որ մենք ալ նոյնպիսի յաջողութիւններ ունենանք։ Կրնանք հիանալ ուրիշի մը ինքնավստահութեամբ, տաղանդներով, բարեկամութիւններով կամ իրագործումներով՝ առանց ցանկալու, որ ան կորսնցնէ իր ունեցածը։ Մեր անձը բարելաւելու կամ աւելի լաւին ձգտելու մէջ սխալ բան չկայ։ Ընդհակառակը, հիացմունքը կրնայ ներշնչման աղբիւր դառնալ եւ մղել մեզի, որ աճինք ու յառաջդիմենք։ Խնդիրը կը սկսի այն պահուն, երբ նախանձը կը վերածուի ոխի, ատելութեան, բամբասանքի, վիրաւորական խօսքերու կամ ուրիշները նսեմացնելու փորձերու։ Ոմանք, ուրիշներուն ուրախութիւնը կամ յաջողութիւնը բաժնելու փոխարէն, կը փորձեն նուազեցնել անոնց արժէքը, պարզապէս որովհետեւ իրենց կեանքին նկատմամբ անվստահութիւն կը զգան։ Սակայն ուրիշը նսեմացնելով՝ մենք երբեք աւելի լաւը չենք դառնար։

Կը հաւատամ, որ ուրիշի մը յաջողութիւնը երբեք պէտք չէ քեզի զգացնել տայ, որ դուն անկարեւոր ես։ Իւրաքանչիւրս ունի իր ուժեղ կողմերը, դժուարութիւնները եւ կեանքի իւրայատուկ ուղին։ Մենք բոլորս տարբեր արագութեամբ կը զարգանանք, եւ մեր նպատակներուն չենք հասնիր միեւնոյն ժամանակ։ Այն իրողութիւնը, որ մէկը մեզմէ առաջ կը յաջողի, չի նշանակեր, թէ մենք երբեք պիտի չկարենանք հասնիլ մեր նպատակներուն։ Փոխանակ ոխ պահելու անոնց հանդէպ, որոնք ունին այն, ինչ որ մենք կը փափաքինք ունենալ, կրնանք մեր զգացումները վերածել առիթի մը՝ մեր նպատակներուն հասնելու համար աշխատելու։ Պէտք է նաեւ յիշենք, որ հազուադէպօրէն կը գիտնանք այն դժուարութիւնները, զոհողութիւններն ու քրտնաջան աշխատանքը, որոնք թաքնուած են ուրիշներուն յաջողութիւններուն ետին։

Վերջապէս, նախանձը մարդկային բնական զգացում մըն է, սակայն ամենակարեւորը այն է, թէ մենք ինչպէ՛ս կը նախընտրենք հակազդել անոր։ Պարտաւոր չենք մէկը չսիրելու պարզապէս այն պատճառով, որ ան ունի բան մը, որ մենք ալ կ’ուզենք ունենալ։ Փոխարէնը՝ կրնանք յարգել զինք, սորվիլ իրմէ եւ շարունակել աշխատիլ՝ մեր անձին լաւագոյն տարբերակը դառնալու համար։ Կրնանք փափաքիլ մեր սեփական յաջողութեան՝ առանց ուրիշին ձախողութիւնը ցանկալու։

Այս աշխարհին մէջ տեղ կայ բոլորիս համար, որպէսզի աճինք, հասնինք մեր նպատակներուն եւ իւրաքանչիւրս մեր իւրայատուկ ձեւով փայլինք։ 

Ուրիշի մը լոյսը մեր լոյսը երբէք աւելի նուազ պայծառ չի դարձներ։

Ռիթա Մարալ Պետրոսեան