Ազգային Առաջնորդարանի մնայուն եւ աւանդական ծրագիրներէն մէկն է «Առաջնորդի Ընթրիք»ը, ուր՝ Ազգային Առաջնորդարանը կը համախմբէ նուիրեալ հայորդիներ եւ ազգային բարերարներ, որոնք միշտ նեցուկ են Ազգային Առաջնորդարանին ծրագիրներուն։
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Parkview Manor» սրահէն ներս, արժանավայել կերպով նշուեցաւ «Առաջնորդի Ընթրիք» աւանդական պաշտօնական ճաշկերոյթը։

Մտերմիկ Ճաշկերոյթը կը վայելէր ներկայութիւնը՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, թեմիս հոգեւոր հայրերու, ազգային բարերար եւ հովանաւոր՝ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեաններու, Ազգային Վարչութեան անդամներու, կեդրոնական կոմիտէութեան եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներու, հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու, համայնքի հոգեհարազատ եւ նուիրեալ բարեկամներու ու հիւրերու։
Հանդիսավար՝ Տիկին Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեանի հրաւէրով եւ բարի գալուստի խօսքով ընթացք առաւ ձեռնարկը։ Տիկին Հուրինա նախ ի մի բեռաւ ձեռնարկը, զոր ձօնուած էր Առաջնորդ Սրբազան Հօր Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան 20-րդ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան 10-րդ ամեակներուն։ Ան ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրումն ու ծառայութիւնը ի պայծառութիւն Գանատահայ գաղութիւն եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի կատարած բեղուն ծրագիրներուն հայապահպանման եւ հայակերտման աշխատանքներուն, որուն մէջ անսակարկ նուիրումով Առաջնորդարանի կողքին են ծառայասէր եւ նուիրեալ անձերու փաղանգ մը, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ քաջալերող տարրերն են Ազգային Առաջնորդարանին։
Ազգային Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան ողջոյնի խօսքէն ետք, աչքի առաջ բեռաւ առաջնորդարանի պատասխանատու գործընթացը, որ կը միաւորէ Գանատայի տարածքին հայակերտման աշխատանքները, կը պահէ հայ ընտանիքները Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին ներքոյ, շեշտը դնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր դերակատարութիւնը այս ազգանուէր աշխատանքներուն։ Տիկին Թերզեան ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հօր աշխատանքները, հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրներուն մէջ իր ունեցած հետեւողական ներդրումը, Գանատայի հայ գաղութներուն հետ իր ունեցած մտերիմ եւ հարազատ յարաբերութիւնը։ Տիկին Թերզեան շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր յոբելենական ամեակները, առողջութիւն եւ պայծառութիւն մաղթելով իր մտքին, ծրագիրներուն եւ համայնքային աշխատանքներուն մէջ։

Յայտագրին մէջ յատուկ տեղ գրաւած էր գեղարուեստական յայտագիրը, ուր գաղութիւն հանրայայտ հայորդիներ հանդէս եկան ելոյթներով։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ասմունքող Տիկին Թամար Տօնապետեան Գուզուեան ասմունքեց՝ Պարոյր Սեւակի «Իմ Ժողովրդին» եւ Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ» քերթուածները։ Մեներգով հանդէս եկաւ՝ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց դասի ղեկավարուհի՝ Տիկին Անուշ Գալուստեան, ներկայացնելով՝ «ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՀՕՐ ՅԻՍՈՒՍ» աղօթքը։ Որմէ ետք, Տոքթոր Ռազմիկ Պէպէճեան, մեներգեց՝ «ԵՐԱԶ ԻՄ ԵՐԿԻՐ» երգը։ Իսկ զուգերգով՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» երգը, ջութակի ընկերակցութեամբ՝ Տիար Նշան Փափազեանի, իսկ դաշնամուրով՝ Տիկին Թալին Արթինեան Գըլըպոզեանի։
Ճաշկերոյթին, ցուցադրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի 2025-2026 եւ 2026-2027 տարեշրջաններու եռուն գործունէութեան տեսերիզը, որ փաստն էր Գանատայի Հայոց Թեմի աշխոյժ եւ լայնածաւալ գործունէութեան։
Յայտագրին մէջ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէր շքանշաններու տուչութիւնը։ Աւանդութեան վերածուած սոյն յայտագրով, Ազգային Առաջնորդարանը իր երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքը կը փոխանցէ բոլոր այն ազգանուէր հայորդիներուն, որոնք անվերապահօրէն եւ ձեռնհասութեամբ կը ծառայեն հայ եկեղեցւոյ ծրագիրներուն եւ իրենց աջակցութեամբ վառ կը պահեն ազգապահպանման ու հայակերտման ծրագիրները։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի կարգի շքանշանին արժանացաւ՝ Տիար Յարութ Գասապեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ բաշխուեցան Ե. դարու մատենագիրներէն, հայ հոգեւոր ժառանգութեան՝ հաւատքի, իմաստութեան եւ ծառայութեան ջատաքով «Յովհան Մանդակունի»ի անուամբ յիշատակուած Ազգային Առաջնորդարանի Ազգային- Եկեղեցական ծառայութեանց շքանշանը, որուն արժանացան՝ Երէցկին Շաքէ Իշխանեան, Երէցկին Սոնա Պետրոսեան, Երէցկին Սօսի Միքայէլեան, Տիար Նազար Չաթալեան, Տիկին Նինա Մուրատեան, Տիար Պարգեւ Մայք Թիթիզեան, Տիար Սեպուկ Կապաճուզեան, Տիար Գէորգ Կարապետեան եւ Տիկին Արմիկ Սէֆէրեան։
Ներկաներուն կողմէ յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանացաւ Սրբազան Հօր կեսագրականն ու ծառայութեան հանգրուանները ներկայացնող տեսերիզը, որ ցուցադրուեցաւ պաստառի վրայ։ Բացատրողական ձայնի հնչեղութիւնը, տեղադրուած նկարներն ու իրենց ընկերակցող հոգեւոր երաժշտութեան ներկայացումը, ազդեցիկ եւ իւրայատուկ դրօշմը արձանագրեց ներկաներու յիշողութեան մէջ։
Տեսերիզէն ետք, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորական կոնդակը, նուիրուած՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Յոբելենական ամեակներուն։

Ապա, Հայր Սուրբը շնորհակալական խօսքով գնահատեց Ճաշկերոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբին, բեմավարին եւ գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացնողներուն։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց, նախ շնորհաւորելով շքանշակիրները, որոնք կատարեալ նուիրուածութեամբ կեանք մը ամբողջ ծառայած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ։ Ան երախտագիտական խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց Ճաշկերոյթը կազմակերպողներուն, բարերարներուն, որոնք ի գին ամէն բանի բարձր դասած են Ազգային Առաջնորդարանի աշխատանքները եւ իրենց նիւթական նուիրումով յաջողութեան եզրին հասցուցած են իւրաքանչիւր հայակերտման աշխատանք։
Առաջնորդ Սրբազան հօր, հոգեւոր հայրերու, Ազգային Վարչութեան ատենապետի, ներկայացուցիչներու եւ ներկաներու ծափողջոյններով տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը, որմէ ետք «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ Ճաշկերոյթը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Հաղորդագրութիւն՝ Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան