Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակի տօնակատարութիւնը գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ՝ վերահաստատելու հայ եկեղեցիները միաւորող եղբայրական սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան ոգին։
Այս առիթով, Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ս. Աստուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցին հիւրընկալեց Թորոնթոյի եւ արտասահմանի հայ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչները, որոնք քաղաքս կը գտնուին՝ մասնակցելու յոբելենական հանդիսութիւններուն։
Այցելող հոգեւորականներն էին՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան հովիւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Զօհրապ Սարգիսեան, Փասատինայի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան եւ Թորոնթոյի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Արա Պալըքճեան։ Անոնց կ՚ընկերակցէր Թորոնթոյի Հայ Եկեղեցիներու Միջյարանուանական Յանձնախումբի ատենապետ Տիար Յակոբ Ճանպազեան։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան սիրով ողջունեցին հիւր հոգեւորականները եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով իրենց ջերմ շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին առիթով՝ մաղթելով, որ Աստուած շարունակէ օրհնել անոր հոգեւոր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւորականները ներկայացուցին եկեղեցւոյ պատմութիւնը, անոր հոգեւոր ու ազգային առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձան նոր սերունդներուն քրիստոնէական հաւատքն ու հայկական ինքնութիւնը փոխանցելու կարեւորութեան։
Եղբայրական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին առանցքը կազմեցին հայ եկեղեցիներու հասարակաց քրիստոնէական արժէքները, մեր ժողովուրդին հոգեւոր կեանքին ծառայելու կոչումը եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու շարունակական ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Հանդիպումը եզրափակուեցաւ միասնական աղօթքով եւ եղբայրական սիրոյ արտայայտութիւններով՝ վերահաստատելով այն համոզումը, որ Քրիստոսի հանդէպ հասարակաց հաւատքը ամուր հիմք կը հանդիսանայ փոխադարձ յարգանքի, միասնութեան եւ ծառայութեան։
Ս. Աստուածածին Եկեղեցին իր ուրախութիւնը կը յայտնէ այս եղբայրական այցելութեան առիթով եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին կապակցութեամբ կը մաղթէ անոր առաքելութեան շարունակական բարգաւաճում եւ նորանոր ձեռքբերումներ՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդին։