
Շաբաթ 24 Հոկտեմբեր 2026-ին, «Յիսուսի Փոքրիկները» հերթական անգամ համախմբուեցան՝ մասնակցելու հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային հետաքրքրական գործունէութիւններով հարուստ յայտագիրի մը։
Հանդիպումի ընթացքին փոքրիկները սորվեցան Սաղմոս 118-էն համար մը՝ Աստուծոյ Խօսքին հետ իրենց ծանօթութիւնը խորացնելով եւ քրիստոնէական արժէքները իրենց փոքր տարիքէն սրտերուն մէջ արմատաւորելով։
Անցնող Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին առթիւ, յայտագիրին նուիրուած էր հայ երաժշտութեան եւ հայոց գիրերու գիւտին։ Փոքրիկները ունկնդրեցին աշխարհահռչակ հայ երգահան Արամ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն աղջիկներու պարը» ստեղծագործութիւնը եւ երաժշտութեան կշռոյթին համահունչ մարզական շարժումներ կատարեցին։ Այս գործունէութեան նպատակն էր շարժումի եւ խաղի ճամբով փոքրիկներուն մէջ հետաքրքրութիւն եւ սէր արթնցնել հայ երաժշտութեան ու մշակութային հարուստ ժառանգութեան նկատմամբ։

Այնուհետեւ, ձեռնոցային տիկնիկներով ներկայացուեցաւ հայոց գիրերու գիւտի պատմութիւնը։ Մանուկներուն մատչելի եւ պատկերաւոր այս ներկայացումը առիթ հանդիսացաւ, որ անոնք ծանօթանան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մեծագործութեան եւ անդրադառնան հայոց այբուբենի անգնահատելի արժէքին։
Գործնական աշխատանքին ընթացքին փոքրիկները պատրաստեցին իրենց «Այբուբենի պարտէզը»՝ անոր վրայ արձանագրելով իրենց անունները, թափ տալով անոնց ձեռային հմտութեան, երեւակայութեան բայց մանաւանդ հայոց գիրերուն նկատմամբ իրենց հետաքրքրութիւնն ու հարազատութիւնը։
Ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, հանդիպումը եզրափակուեցաւ հիւրասիրութեամբ։ Իսկ յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 7 Նոյեմբերին։
