ՈՐՔԱ՞Ն ԿԸ ՎՍՏԱՀԻՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԻՐՈՅՆ

«Այսքան խոստումներէ ետք դարձեալ նոյն սխալը գործեցի։ Հիմա ինչպէ՞ս աղօթեմ»։ Թերեւս մենք ալ ունեցած ենք այս մտածումը։ Կը փափաքինք Աստուծոյ մօտենալ, բայց մեր «ձախողութիւն»ը կը ծանրանայ մեր սրտին վրայ։ Աղօթքին բառերը չեն գար, եւ հետզհետէ կը սկսինք խուսափիլ այն հանդիպումէն, որուն ամէնէն շատ կարիքը ունինք։

Մինչդեռ մեր հաւատքին ամենապարզ ճշմարտութիւններէն մէկն է, որ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Ասիկա մանկութենէն լսած ենք, ուրիշներուն ալ ըսած ենք։ Սակայն մեր անձին համար ընդունիլը հաւանաբար երբեմն դժուար եղած է։ Երբ մեր հոգեւոր կեանքը լաւ կ’ընթանայ, հեշտութեամբ կը վստահինք Անոր սիրոյն։ Իսկ երբ կը սայթաքինք, կը պատկերացնենք, թէ Աստուած մեզմէ յոգնած է եւ այլեւս չի փափաքիր լսել մեր կրկնուող ներողութիւնները։

Այսպէս, աննկատ կերպով Աստուծոյ սէրը կը կապենք մեր յաջողութիւններուն։ Կը սկսինք ապրիլ այն համոզումով, թէ ամէն բարի գործ մեզ քիչ մը աւելի սիրելի կը դարձնէ Անոր, իսկ ամէն անկում՝ քիչ մը պակաս։ Այդ մտածումը մեր հոգեւոր կեանքը կը լեցնէ անհանգստութեամբ։ Անընդհատ մենք զմեզ կը քննենք՝ առանց երբեք խաղաղելու։

Ինքնաքննութիւնը անհրաժեշտ է, բայց անոր նպատակը մեր առջեւ ամէն դուռ փակելը չէ։ Մեր մեղքը ճանչնալը պէտք է մեզ առաջնորդէ օգնութիւն խնդրելու։ «Նախ կեանքս կարգի դնեմ, յետոյ աղօթեմ» մտածումը մեզ կը զրկէ ճիշդ այն օգնութենէն, որուն կարիքն ունինք՝ մեր կեանքը կարգի դնելու համար։ Աղօթքի մէջ կրնանք Աստուծոյ ներկայանալ նաեւ շփոթած, ամօթահար եւ տկար՝ առանց ձեւացնելու, թէ ամէն ինչ լաւ է։

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ այս վստահութեան։ «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ», կ’ըսէ Ան (Մատթ. 11.28)։ Անոր հրաւէրը չի սահմանափակուիր անոնցմով, որոնք արդէն յաղթահարած են իրենց դժուարութիւնները։ Եւ երբ Յիսուս մեղաւորին կը մօտենայ ողորմութեամբ, մեզի կը յայտնէ Հօր սիրտը. «Ով որ զիս տեսաւ, Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14.9)։ Հետեւաբար, կրնանք Անոր դիմել՝ վստահելով, որ մեր անկեղծ վերադարձը ողջունուած է։

Այս վստահութիւնը մեզ չազատեր մեր պատասխանատուութենէն։ Աստուծոյ սէրը ընդունիլ կը նշանակէ նաեւ պատրաստ ըլլալ փոխուելու։

Նոյն տկարութեան դէմ կրկին պայքարիլը չի նշանակեր, որ չենք յաջողած։ Բայց վստահաբար ձախողած կ’ըլլանք, երբ դադրինք փորձելէ, մեկուսանանք, աղօթքը լքենք եւ անհրաժեշտ օգնութիւնը չխնդրենք։

Ուստի, մեր անձին մէջ, վերականգնելու յոյսը Քրիստոսի համար միշտ առկայ է, որովհետեւ Աւետարանը կը յիշեցնէ, թէ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի աշխարհը Անով փրկուի (Յովհ. 3.17)։ Այս խոստումը մեր ամենատկար օրերուն ալ մեզի ուղղուած է։ Պէտք չէ սպասենք մինչեւ այն օրը, երբ պիտի կարենանք Աստուծոյ ներկայանալ մեր բոլոր հարցերը լուծած։ Այսօր իսկ կրնանք ըսել. «Տէ՛ր, ահա ես՝ իմ տկարութեամբս։ Օգնէ՛ ինծի»։ Այս անկեղծ աղօթքով վերադարձի ճամբան արդէն կը բացուի:

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան