Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Գերմանիոյ Փոցտըմ (Potsdam) քաղաքին մէջ հաստատուած Լեփսիուսի (Johannes Lepsius) անունը կրող ուսումնասիրական ու ակադեմական կեդրոնի (Lepsiushaus Potsdam) տնօրէն դոկտ. Ռոյ Քնոքէ եւ պատասխանատուներ այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցուեամբ Հայկազեան համալսարանի սփիւռքագիտութեան բաժանմունքի պատասխանատու Անդրանիկ Տագէսեանի։
Յայտնենք, որ Լեփսիուսը ծանօթ անուն մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած։ Վեհափառ Հայրապետը տարիներ առաջ երկու առիթներով այցելած է վերոյիշեալ կեդրոնը եւ հանդիպումներ ունեցած պատասխանատուներուն հետ, ինպէս նաեւ կեդրոնի տնօրէնը այցելած է Անթիլիասի Մայրավանք։
Հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու կեդրոնի աշխատանքներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին հայանպաստ գործունէութեան համար եւ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն անոր բերած նպաստը։