Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ծաղիկներո՜ւ պէս զայն ժողվեմ ճամբուս վրան՝
Նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Եւ ես՝ հանգոյն երփնալուցկի վառող մանկան՝
Զայն գունաժպիտ տեսնեմ ուրիշ դէմքի մը վրան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զանգակներո՜ւ պէս զայն կախեմ ամէն դըրան՝
Ու զերթ նարօտ ամէն դըրան զայն պըսակեմ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ճրագներու պէս զայն բոցեմ բազմաստեղնեան՝
Խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներու:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն սրբասաց իմ հոգեակիս ընեմ խորան՝
Զայն իմ մտքիս ծըխեմ՝ զերթ խունկ բազմաբուրեան:

Տու՜ր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,
Ու չըլլա՜յ որ ուրիշներու կոծն ու կական
Խեղդել ուզեմ ջրվէժին մէջ դափիս ձայնին:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն իբր անձրեւ ցօղեմ ամէն դաշտի վըրան,
Զայն իբր արեւ բաշխեմ ամէն հորիզոնի:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն ընդգրկած՝ իտէալի՜ն ըլլամ սրսկան.
Զայն լաստ ըրած ես Լոյսերու նաւո՜րդն ըլլամ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ժողվել՝ հոգւոյն մէջ ծերերուն, կոյսին, մանկան,
Պարզ մարդերուն՝ գեղջուկներուն ու բանուորին:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ժողվել՝ հոգւոյն մէջ ամէնո՜ւն, համայնական
Հոգւոյն ամէն մասնիկներուն մէջ՝ ամէն ժամ:
Ճամբաներէն, ու գետերէն, ու դաշտերէն,
Անտառներէն, ու լեռներէն, ու ձորերէն,
Տանիքներէն, ու տուներէն, ու դուռներէն՝
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական:
Միսաք Մեծարենց