ԽԱՉ

Եկեղեցական սպասներուն մէջ նուիրական եւ օրհնութիւն սփռող սպասն է խաչը:

Արդարօրէն պէտք է ըսել, որ հաւատացեալներու կեանքին մէջ խաչն ու Խաչեալը անբաժանելիօրէն նոյնացած են: Խաչի ներկայութիւնը ինքնին կը խորհրդանշէ Խաչեալին ներկայութիւնը, որ իր տնօրինական կեանքի վախճանին՝ Գողգոթայի բարձունքէն խաչով կնքեց Մարդեղութեան Խորհուրդը եւ փրկութեան նոր ճանապարհը բացաւ բոլոր անոնց դիմաց, որոնք հաւատացին խաչին եւ անոր ընդմէջէն՝ Խաչեալին:

Եկեղեցին՝ որպէս խորհրդաւոր մարնինը Քրիստոսի, ինք շարունակեց Փրկագործութեան Խորհուրդը, եւ անոր ամենէն վաւերական նշանը եղող խաչը՝ հաւատացեալներու կեանքին մէջ վերածեց հաւատքի, նուիրումի, անձնազոհութեան եւ սիրոյ գերագոյն արտայայտութեան:

Խաչը հաւատքի կնիքն է, որ իբրեւ օրհնութիւն նոր անուանակոչումով մը կը կնքէ հաւատացեալը, տալով անոր նոր պատկանելիութիւն, կոչելով զայն Քրիստոնեայ:

Ահա թէ ինչու երբ երեխայ մը կը մկրտենք եւ Սրբալոյս Միւռոնով կը դրոշմենք, եւ ան կը դառնայ ժառանգորդ եւ ժառանգակից Քրիստոսի, առաջին հերթին խաչ կը կախենք անոր վիզէն, որպէս նշան քրիստոնէացման:

Երբ եկեղեցի կը մտնենք ներքին մղում մը մեր աջ ձեռքը կը բարձրացնէ խաչակնքելու մեր դէմքը:

Մեր բնակարանները կը զարդարենք խաչերով, որպէս օրհնութիւն եւ հաւատք՝ չարն ու չարիքը հեռացնելու մեր ընտանեկան երդիքէն:

Խաչի նկատմամբ հաւատքի այս ճառագայթումը բնական էր, որ ամբողջութեամբ ճշմարտուէր նաեւ եկեղեցւոյ յարկէն ներս, Խաչեալին ներկայութիւնը որպէս հաւատքի ակնաղբիւր եւ փրկութեան գրաւական ընդունելով:

 Եկեղեցւոյ մայր կաթողիկէին եւ զանգակատան վրայ խաչն է, որ կը ճառագայթէ եւ կը յայտարարէ թէ այս սրբատեղիին մէջ Քրիստոս կը բնակի: Եկեղեցւոյ մայր դարպասին վրայ քանդակուած խաչն է, որ եկեղեցի մեր մուտքին զգօնութիւն, զգաստութիւն եւ լրջութիւն կը թելադրէ: Իսկ Եկեղեցւոյ յարկէն ներս ամէն սպաս խաչով է, որ կը կնքուի եւ կը նուիրագործուի: Եկեղեցւոյ օծման 16 սիւներուն վրայ հաստատուած քարեղէն կամ մետաղեայ խաչերն են, որ Ս. Միւռոնով կ’օծուին: Ս. Սեղանին գագաթը խաչն է, որ մնայուն կերպով կը յիշեցնէ հաւատացեալներուն, թէ Ս. Պատարագը ինքնին շարունակութիւնն է Փրկագործութեան Խորհուրդին: Գեղեցկօրէն ասեղնագործուած խաչը մնայուն կերպով ներկայ է եկեղեցւոյ վարագոյրին, շուրջառներու կռնակին, դպրաց շապիկներուն, սարկաւագի ուրարին, պատարագիչի սաղաւարտին եւ խոյրին վրայ:

Այս ընդհանուր տեսութենէն ետք, երբ մեր հայեացքը կը սեւեռենք եկեղեցական սպասներուն վրայ՝ կը հանդիպինք տեսակաւոր խաչերու գործածութեան.-

Ա. Անոնցմէ առաջինը խաչվառն է՝ թափօրի խաչը:

Բ. Երկրորդը՝ Ս. Սեղանին կեդրոնը, երրորդ կամ չորրորդ սանդղամատին վրայ տիրական ներկայութեամբ այն մեծ խաչն է, որ կը խորհրդանշէ Խաչեալին ներկայութիւնը աստուածընկալ Ս. Սեղանին վրայ:

Գ. Երրորդը՝ ձեռաց խաչն է, մետաղեայ փոքր այն խաչը, որ մենք կը տեսնենք պատարագիչ եպիսկոպոսի ձեռքին, որ օրհնութիւն կը սփռէ խաղաղութիւն ամենեցուն բառերուն ընդմէջէն: Քարոզիչի ձեռքին առկայ է ան, երբ ան աւետարանական ճշմարտութիւններ կը մեկնաբանէ եւ քրիստոնէական գիտելիքներով կը յորդորէ հաւատացեալները: Եկեղեցական տօնակատարութեանց հանդիսապետող եկեղեցականին ձեռքին է, երբ ան կ’օրհնէ խունկը եւ բուռվարին մէջ կը դնէ զայն:

Դ. Բազմոցի խաչ կը կոչուին այն փոքր խաչերը, որոնք Ս. Սեղանէն դէպի Աստուածամօր նկարը բարձրացող սանդղամատերուն վրայ կը դրուին, ճոխացնելով Ս. Սեղանին ընդհանուր տեսքը:

Եկեղեցիէն ներս գործածուող բոլոր խաչերն ալ ընդհանրապէս մետաղեայ են, արծաթեայ կամ պղինձէ, անոնց տոկունութիւնը ապահովելու համար: