– Ո՞վ է Աստուած։
– Երկինքը ու երկիրը եւ բոլոր արարածները ստեղծող գերագոյն էութիւնը կամ էակը է (ԾՆՆԴ. Ա. 1, ՍԱՂՄ. ՃԽԸ. 6)։
– Ո՞ւր է Աստուած։
– Աստուծոյ ներկայութիւնը չի սահմանափակուիր յատուկ վայրի մը մէջ։ Ան ամէն տեղ է (ՍԱՂՄ. ՃԼԸ. 8)։ Աստուած անբովանդակելի, անպարագրելի եւ անսահմանելի է։
– Աստուած սկիզբ ունի՞։
– Ո՛չ։ Աստուած անսկիզբ է եւ անվախճան։ Ան անեղ է եւ անժամանակ։ Կը կոչուի Որ Էն (ի յաւիտենից գոյ)։ Ան տէրն է անհունին եւ ժամանակին ու սկիզբը արարածութեան։
– Կարելի՞ է զԱստուած տեսնել մարմնական աչքերով։
– Ո՛չ։ Աստուած հոգի է եւ անտեսանելի։ Արարիչը մատչելի չէ իր հոգեղէն արարածներուն զգայարաններուն։ Ուստի մարմնական աչքերով կարելի չէ տեսնել զԱյն։ Ան անքննելի, անզննելի եւ անչափելի է։
– Ինչպէ՞ս կարելի է փաստել Աստուծոյ էութիւնը կամ գոյութիւնը առանց զԱյն տեսնելու։
– Թէեւ Աստուած մարդ արարածին նիւթեղէն աչքերուն անտեսանելի է, սակայն իր ստեղծագործութիւնները կը յայտնեն ու կը փաստեն իր գոյութիւնը եւ ներկայութիւնը. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ, ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ» (ՍԱՂՄ. ԺԸ. 1)։
Մեր տեսողութեան սահմաններուն մէջ գտնուող արեւը, լուսինը, աստղերը եւ երկիրը՝ իր բոլոր տեսարաններով, բոյսերով, կենդանիներով եւ մարդ արարածով ապացոյցներ են ամենակարող, ստեղծիչ Աստուծոյ գոյութեան։

Ստեղծուած այս տիեզերքը կը պահուի շարժումի եւ կարգաւորութեան օրէնքով մը, որուն միջոցով բոլոր աստղերն ու Երկնային մարմինները ներդաշնակօրէն կը թաւալին եւ կարգաւոր շարժութեամբ զիրար կը հաւասարակշռեն՝ առանց իրարու վերածուելու։ Տիեզերքի մէջ հաստատուած այս բնութեան օրէնքը ինքնին կը փաստէ ու կը վկայէ թէ հնարաւոր էակ մը, գերագոյն միտք մը գոյ է ամէն տեղ եւ կ’իշխէ անհունին ու կը կառավարուի զայն։
Աշխարհի վրայ ծաւալող բուսականութեան անհունը ինքնին փաստ մըն է, որ ամենակարող Արարիչ մը՝ ի յաւիտենից գոյ եղող կենդանատու զօրութիւն մը՝ կեանք շնորհած է անոնց, որոնք կը ծլին, կը ծաղկին, կը պտղաբերեն, հունտեր կ’արտադրեն եւ ապա կը չորնան՝ վերստին աճելու եւ ծաղկելու համար հողին մէջ ինկող փոքր հունտերով ճառագայթելով։
Նոյնպէս բոլոր անասուններն ու միջատները այս Մեծ Ուժին զօրութեամբ բնազդային կեանք կ’ապրին։ Անոնք կը ծնին, կը սնանին, կ’ուռճանան, կը խմեն, կը սերնդագործեն ու կը մեռնին այս յարկին տակ։
Իսկ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդը մեծագոյն փաստն է Աստուծոյ գոյութեան։ Մարդը իր մէջը ունի իր ստեղծիչին շունչը, ու այդ պատճառով ալ օժտուած է բանականութեամբ եւ ձիրքերով։ Մարդը ունի ազատ կամք, բարին ու չարը զանազանելու իմացականութիւն, զարգանալու, յառաջդիմելու, արտադրելու կարողութիւն եւ իր գործերով անմահանալու ձգտում։
Բոյսը, անասունը եւ մարդը նիւթեղէն զանազան տարրերու բաղադրութիւններէ կազմուած մարմիններ են եւ կ’ապրին գերագոյն էակի մը զօրութեամբ։ Ու երբ այդ էակը իր շնորհած կեանքը ետ առնէ այդ մարմիններէն, անոնք բոյսը, անասունը եւ մարդը կը դադրին շնչելէ ու կը դատապարտուին հող դառնալու։
Բնութեան մէջ հաստատուած օրէնքը ինքնին ցոյց կու տայ հնարաւոր եւ իմաստուն գերագոյն Օրէնսդիրի մը գոյութիւնը, որ կը ղեկավարէ ամբողջ տիեզերքը։ Եւ առանց անոր զօրութեան աշխարհի մէջ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ ապրող եւ զարգացող բոյսեր կամ արարածներ։ Ուստի այս ամէնը, անսկիզբ, անվախճան, անժամանակ եւ ամենազօր գերագոյն ուժը եւ էութիւնը, որ կը յայտնուի իր ստեղծագործութեանց ընդմէջէն, կը կոչուի Որ Էն Աստուած՝ Արարիչ երկնքի եւ երկրի։