Աստուածաշունչը կարդալու ընթացքին երբեմն կը հանդիպինք պատմութիւններու, որոնք մեզ կը զարմացնեն, կը շփոթեցնեն կամ նոյնիսկ կ’անհանգստացնեն։ Կան դէպքեր, որոնք հեռու կը թուին մեր առօրեայ փորձառութենէն, եւ հատուածներ, որոնց իմաստը առաջին ընթերցումով չենք կրնար ըմբռնել։ Այդ պահերուն բնական է հարցնել. «Ի՞նչ կը նշանակէ այս բոլորը։ Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնամ կարդացածս»։
Այսպիսի հարցումներ ունենալը հաւատքի պակասութեան նշան չէ. ընդհակառակը, այդ հարցումները կը վկայեն, որ ուշադրութեամբ կը կարդանք եւ կը փափաքինք աւելի խոր հասկնալ Աստուծոյ Խօսքը։ Կարեւորը այն է, թէ ի՞նչ տրամադրութեամբ կը մօտենանք մեր հարցումներուն եւ ո՞ւր կը փնտռենք անոնց պատասխանները։
Արդարեւ, Աստուածաշունչը իր առաջին իսկ էջերէն մեզ կը կանգնեցնէ խորհրդաւոր իրականութեան մը առջեւ։ Հոն կը կարդանք, թէ Աստուած Իր խօսքով կը ստեղծէ աշխարհը, հողէն կը կազմէ մարդը եւ անոր կենդանութեան շունչ կը պարգեւէ։ Կինը կը ստեղծուի մարդուն կողէն։ Եդեմի պարտէզին մէջ մարդը կը վայելէ իր Արարիչին հետ հաղորդակցութիւնը, բայց խօսող օձին խաբէութեամբ կը մղուի անհնազանդութեան։ Մարդուն կեանքին մէջ մուտք կը գործեն ամօթը, վախը, տառապանքն ու մահը։
Եւ այս բոլորը՝ միայն Ծննդոց գիրքին առաջին երեք գլուխներուն մէջիններն են։
Յաջորդ էջերուն մէջ՝ Կայէն կը սպաննէ իր եղբայրը՝ Աբէլը։ Կը հանդիպինք «Աստուծոյ որդիներուն» եւ «մարդոց աղջիկներուն» մասին խորհրդաւոր հատուածին, որ տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ տուած է։ Ապա կը կարդանք մարդկային չարութեան տարածման, ջրհեղեղին եւ Նոյեան տապանին մասին։
Ինչպէ՞ս մօտենալ այս եւ նման պատմութիւններու։ Ինչպէ՞ս խուսափիլ զանոնք շտապօրէն մերժելէն, եւ կամ ամէն ինչ դիւրին բացատրութեամբ լուծելու փորձութենէն։ Երկու հիմնական նկատառումներ կրնան օգնել մեզի։
Աստուածաշունչին կեդրոնը Աստուած է
Սուրբ Գիրքը կը սկսի պարզ, բայց վճռական հաստատումով մը. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծննդոց 1.1)։ Առաջին իսկ նախադասութիւնը մեր ուշադրութիւնը կ’ուղղէ դէպի Աստուած։ Ան է Արարիչը, կեանքին աղբիւրը եւ փրկութեան նախաձեռնողը։

Այնուամենայնիւ, մենք մեր անձը յաճախ ամէն բանի կեդրոնը կը դնենք։ Մեր ծրագիրները, ցանկութիւններն ու մտահոգութիւնները այնքան կը գրաւեն մեզ, որ նոյնիսկ Աստուածաշունչին կը մօտենանք մէկ հարցումով. «Այս հատուածը ի՞նչ կ’ըսէ իմ մասիս։ Ի՞նչ օգուտ կրնամ քաղել անկէ»։
Այդ հարցումը իր տեղը ունի, բայց անկէ առաջ անհրաժեշտ է ուրիշ հարցում մը տալ. «Այս հատուածը ի՞նչ կը յայտնէ Աստուծոյ մասին։ Ի՞նչ կը սորվեցնէ Անոր կամքին, արդարութեան, ողորմութեան եւ մարդուն հետ ունեցած յարաբերութեան մասին»։
Աստուածաշունչը առանձին խրատներու կամ մխիթարական խօսքերու հաւաքածոյ մը չէ միայն։ Ան Աստուծոյ եւ մարդկութեան յարաբերութեան, մարդու անկման եւ Աստուծոյ փրկարար սիրոյն վկայութիւնն է։ Անոր էջերուն մէջ մենք կը ճանչնանք Աստուած, որ կը փնտռէ մարդը, կը կանչէ զայն եւ Յիսուս Քրիստոսով կը բանայ հաշտութեան ու նոր կեանքի ճանապարհը։
Այս գիտակցութիւնը կը փոխէ նաեւ մեր առօրեան։ Որքա՜ն յաճախ մեր ծրագիրները կը կազմենք եւ միայն յետոյ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ օրհնէ զանոնք։ Սակայն հաւատքով ապրիլ կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ մեր ծրագիրները Աստուծոյ կամքին համաձայն վերանայելու։ Աղօթքը միայն մեր ուզածը Աստուծոյ ներկայացնել չէ. ան նաեւ մեր սիրտը բանալ է՝ լսելու համար, թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ։
Խորհուրդը չի վերանար մեր բացատրութիւններով
Այսօրուան աշխարհը մեզ վարժեցուցած է արագ պատասխաններու։ Կ’ուզենք ամէն ինչ անմիջապէս հասկնալ, բացատրել եւ տեղաւորել մեզի ծանօթ սահմաններուն մէջ։ Բայց Աստուծոյ իրականութիւնը աւելի ընդարձակ է, քան մեր ըմբռնումը։
Այս չի նշանակեր, թէ պէտք է դադրինք մտածելէ կամ հարցումներ տալէ։ Կը նշանակէ ընդունիլ, որ մեր գիտութիւնը սահման ունի։ Բան մը ամբողջութեամբ չհասկնալը պատճառ չէ զայն անիրական կամ անիմաստ նկատելու։
Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը այս իրողութեան խոր օրինակներէն է։ Եկեղեցին կը դաւանի մէկ Աստուած՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։ Մենք կրնանք սորվիլ այս դաւանանքին իմաստը, զայն արտայայտել ճշգրիտ բառերով եւ մերժել սխալ ըմբռնումները։ Սակայն ո՛չ մէկ մարդկային բացատրութիւն կրնայ սպառել Աստուծոյ անսահման խորհուրդը։
Հաւատքը մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու Աստուած այնքանով, որքանով Ան Ինքզինք կը յայտնէ մեզի, եւ սիրով վստահելու Անոր՝ նաեւ այն ատեն, երբ մեր հարցումներէն ոմանք անպատասխան կը մնան։
Ուստի, դժուար հատուածի մը հանդիպելուն, պէտք չունինք անմիջապէս պատրաստ պատասխան մը հնարելու։ Երբեմն ամէնէն ազնիւ խօսքը այս է. «Տակաւին չեմ հասկնար. պէտք է աւելի ուսումնասիրեմ»։ Այսպիսի խոստովանութիւնը կրնայ խորացման սկիզբ դառնալ։
(շարունակելի)
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան