ՅԻՇԱՏԱԿ  ՆԻԿԻՈՅ  ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ  ԺՈՂՈՎԻ 318 ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ (325 ԹՈՒԻՆ)

Քրիստոնէական ընդհանրական եկեղեցւոյ կեանքը ալեկոծող եւ օրէնքները խախտող աղանդներու դէմ առաջին Տիեզերական Ժողովը գումարուցաւ 325 թուին, Նիկիա քաղաքին մէջ:

         Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ երեք հարիւր քսանականներուն սկիզբը աստուածաբանական բուռն վէճեր ծագած էին: Երկու հիմնական կարծիքներ կային, մէկը կը շեշտէր Քրիստոսի բացարձակ աստուածութիւնը, իսկ միւսը՝ անոր մարդկային բնութիւնը: Երկու կողմերն ալ ունէին հեղինակաւոր պաշտպաններ: Առաջինինը՝ Աթանաս Աղեքսանտրացին,որ (Սարկաւագ) էր այդ օրերուն, իսկ երկրորդը՝ Արիոս քահանան, երկուքն ալ կրօնական գիտելիքներով հմուտ: Աթանասի եւ Արիոսի միջեւ վէճը սուր բնոյթ կը ստանայ եւ կը տարածուի ամէնուրեք՝ խախտելով եկեղեցւոյ խաղաղութիւնը:

         Արիոսի դէմ հանդէս կու գայ Ալեքսանդր եպիսկոպոսը, որ Աղեքսանդրիա քաղաքէն էր: Եպիսկոպոսը տեղական եկեղեցական ժողով մը կը կազմակերպէ, ժողովականները կը մերժեն Արիոսի սխալ գաղափարները: Արիոս կը հեռանայ Աղեքսանդրիայէն, բայց կը շարունակէ իր քարոզչութիւնը:

         Կոստանդիանոս կայսրը իրազէկ դառնալով եկեղեցւոյ կեանքէն ներս տեղի ունեցած խռովութիւններն, կ’որոշէ տիեզերական ժողով մը գումարել, ուր մանրամասնօրէն պիտի քննարկուէր եւ լուսաբանուէր խնդիրը եւ լուծման հանգէր: Կոստանդիանոս, կայսրութեան շրջաններէն եպիսկիպոսներ կը հրաւիրէ: 318 եպիսկոպոսներ կ’ընդառաջեն հրաւէրին, որոնց կ’ընկերանան նաեւ այլ եկեղեցականներ:

         Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին մասնակցելու հրաւէր կը ստանան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետն ու Տրդատ Մեծը: Անոնք սակայն, իրենց փոխարէն կ’ուղարկեն Գր. Լուսաւորիչի որդին՝ Արիստակէս եպիսկոպոսը:

         Ժողովը տեղի կ’ունենայ 325 թուականին, Նիկիոյ մէջ: Թեր ու դէմ կարծիքներէ, երկար ու բուռն բանավէճերէ ետք, որ կը տեւէ Յունիսի տասնչորսէն մինչեւ քսանհինգ, Աթանասի կողմնակիցները յաղթական դուրս կու գան: եկեղեցւոյ դաւանանքը կ’ունենայ իր բանաձեւը.«ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴԱՑԱՒ, ՄԱՐԴՈՑ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ» համար: Ժողովի աւարտին, կը խմբագրուի Նիկիական Հանգանակը (ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ) որ իր մէջ կը մարմնաւորէ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին բացատրութիւնը, զորս մինչեւ օրս ալ բարձրաձայն կ’արտասանուի եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին: Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովը եկեղեցական կեանքը կարգաւորող քսան կանոններ ալ կը սահմանէ:

     Արիստակէս եպիսկոպոս ժողովէն ետք Հայաստան կը բերէ «Հաւատոյ հանգանակ»ը կամ «Հաւատամք»ը, եւ ժողովին կողմէ ընդունուած քսան կանոնները, որոնք կ’ընդունուին եւ կը հաստատուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին կողմէ:

         Ըստ աւանդութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ անոր վրայ կ’աւելցնէ հետեւեալ բանաձեւը. «Իսկ մենք կը փառաւորենք զԱյն՝ որ գոյութիւն ունէր յաւիտեաններէն առաջ, երկրպագելով Սուրբ Երրորդութեան եւ մէկ Աստուածութեան՝ Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին»:

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան