ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐՈՒՄ
Աստուածաշնչական հիմք ունի՞ սուրբերու մասունքներ մեծարելը։
Քրիստոնեայ Ընդհանրական Եկեղեցին առաքելական դարերէն սկսեալ մեծարած է սուրբերու մասունքները։ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին նահատակութենէն ետք, հակառակ անոր որ Երուսաղէմի եկեղեցւոյ դէմ մեծ հալածանք յարուցուած էր, սակայն »Քանի մը բարեպաշտներ Ստեփանոսի մարմինը տարին թաղեցին, մեծ կոծ ընելով անոր վրայ« (Գործք 8.2)։

Սուրբերու մասունքները միշտ ալ մեծարուած են Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, հաւատացեալներուն կողմէ, եւ հետագային անոնց մահուան վայրերուն ու անոնց մասուքներուն վրայ վկայարաններ ու եկեղեցիներ շինուած են։
Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք, թէ երբ Եղիսէ մարգարէ մեռաւ ու զինք թաղեցին, յաջորդ տարին թշնամիներու գունդերը Իսրայէլի վրայ ներխուժեցին։ Երբ հրեաները մարդ մը կը թաղէին, ահա թշնամիներու գունդ մը տեսան, ուստի վախցած՝ մեռած մարդը Եղիսէի գերեզմանը նետեցին։ Երբ այդ մարդը Եղիսէի ոսկորներուն դպաւ՝ վերակենդացաւ, եւ իր ոտքերուն վրայ կանգնեցաւ (Դ. Թագաւորաց 13.20-21)։
Իսկ Նոր Կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ նոյնիսկ իրենց ողջութեան ժամանակ առաքեալներուն ու սուրբերուն առարկաները մեծարանքի առարկայ էին, եւ միջոց՝ բազմազան բժշկութեանց։ Օրինակ, Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք, թէ «Առաքեալներուն ձեռքով բազմաթիւ նշաններ ու հրաշքներ կը կատարուէին ժողովուրդին մէջ. այնպէս որ, Պետրոսի անցած ատեն՝ մարդիկ պատգարակներով ու մահիճներով հիւանդներ կը բերէին եւ հրապարակներու վրայ կը դնէին, որպէսզի գոնէ անոր շուքը իյնայ անոնցմէ մէկուն վրայ։ Շրջակայ գիւղերէն բազմաթիւ մարդիկ Երուսաղէմ կը հաւաքուէին՝ իրենց հետ բերելով հիւանդներ եւ պիղծ ոգիներէ տանջուողներ, որոնք բոլորն ալ կը բժշկուէին» (Գործք 5.14-16)։
Իսկ ուրիշ տեղ մըն ալ կը կարդանք, թէ՝ «Աստուած Պօղոսի ձեռքով արտասովոր հրաշքներ կը գործէր։ Մարդիկ մինչեւ իսկ անոր թաշկինակն ու հագուստը կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին իրենց ցաւերէն, կամ չար ոգիները կ’ելլէին» (Գործք 19.11-12)։
Արդ, ոչ թէ սուրբը ի՛նք է որ հրաշք կը գործէ, այլ Աստուած է որ արտասովոր հրաշքներ կը կատարէ իրեն հաւատարիմներուն ձեռքով, որպէսզի մարդ անհատը հետեւի սուրբերու կեանքի օրինակին եւ անվախճան կեանքի յոյսը ունենայ իր սրտին մէջ։
Շարունակելի ԺԸ