ՉԱՓԷ՛ ԱՐԺԷՔԴ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՉՔՈՎ

Եթէ մէկը մեզի հարցնէ՝ «Ո՞վ ես դուն», շատ հաւանաբար նախ պիտի տանք մեր անունը, ապա պիտի նշենք մեր գործը կամ պաշտօնը։ Պիտի ըսենք՝ ուսուցիչ եմ, բժիշկ եմ, ուսանող եմ, երաժիշտ եմ կամ այսինչ հաստատութեան պատասխանատուն եմ։ Թերեւս խօսինք նաեւ մեր ուսման, հետաքրքրութիւններուն եւ ձեռք բերած յաջողութիւններուն մասին։

Այս բոլորը մեր կեանքին մէկ մասը կը կազմեն, բայց ամբողջութեամբ չեն պատասխաներ հիմնական հարցումին՝ իսկապէս ո՞վ ենք մենք։

Այսօրուան աշխարհը մեծ կարեւորութիւն կու տայ մարդուն դիրքին, տիտղոսին եւ արձանագրած յաջողութիւններուն։ Մարդիկ յաճախ կը գնահատուին իրենց ունեցածով, կատարած գործերով եւ գրաւած դիրքերով։ Մենք ալ, այս մտածելակերպէն ազդուած, կը ձգտինք յաջողելու, աւելի բարձր դիրքերու հասնելու եւ ուրիշներուն հիացումին արժանանալու։ Ժամանակի ընթացքին կրնանք նոյնիսկ հաւատալ, թէ մեր արժէքը կախեալ է մեր յաջողութիւններէն եւ ուրիշներուն կարծիքէն։

Սակայն մեր աշխատանքները մեր ինքնութիւնը չեն ներկայացնէր, որովհետեւ մեր պաշտօնը կրնայ փոխուիլ, մեր յաջողութիւնները կրնան մոռցուիլ, մեր կարողութիւնները կրնան նուազիլ, իսկ այսօրուան գովասանքը վաղը կրնայ քննադատութեան վերածուիլ։ Եթէ մեր ամբողջ արժէքը հիմնենք այս փոփոխական բաներուն վրայ, մեր ներքին խաղաղութիւնն ալ միշտ կախեալ պիտի մնայ արտաքին պայմաններէն։

Անշուշտ, յաջողելու եւ մեր կարողութիւնները զարգացնելու ձգտումը սխալ չէ։ Ընդհակառակը, պէտք է աշխատինք, սորվինք եւ Աստուծմէ մեզի տրուած շնորհքները լաւագոյն կերպով օգտագործենք։ Սակայն մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք չէ ըլլայ միայն, թէ ի՛նչ ձեռք բերած ենք, այլ նաեւ՝ թէ այդ ճանապարհին վրայ ինչպիսի՛ մարդ դարձած ենք։

Մեր գիտելիքին հետ աճա՞ծ է նաեւ մեր խոնարհութիւնը։ Մեր յաջողութիւնը մեզ աւելի՞ ազնիւ եւ առատաձեռն դարձուցած է։ Մեր զբաղած դիրքը ծառայութեա՞ն միջոց դարձած է, թէ՞ ուրիշներէն բարձր զգալու պատճառ։ Մեր ձեռք բերած փորձառութիւնները մեզ աւելի՞ համբերատար եւ հասկցող դարձուցած են։

Սառցալեռան (iceberg) միայն փոքր մասը ջուրէն վեր կը տեսնուի, մինչ անոր մեծագոյն մասը ջուրին տակ կը մնայ։ Մարդուն կեանքն ալ այդպէս է։ Ուրիշները կը տեսնեն մեր արտաքին երեւոյթը, կը լսեն մեր խօսքերը եւ կը տեղեկանան մեր կատարած գործերուն մասին։ Սակայն մեր ներսը կայ ամբողջ աշխարհ մը, որ անոնց անտեսանելի է։ Հոն են մեր մտածումները, ցանկութիւնները, վախերը, պայքարներն ու իսկական մտադրութիւնները։ Բան մը, որ միայն Աստուծոյ ծանօթ է։

Մարդիկ կը տեսնեն մեր ներկայացուցած պատկերը, իսկ Աստուած կը տեսնէ մեր իրական անձը։ Ինչպէս Սուրբ Գիրքը կը յիշեցնէ՝ մարդը արտաքին երեւոյթին կը նայի, իսկ Տէրը՝ սրտին (Ա. Թագաւորաց 16.7)։

Ուստի, մեր իսկական արժէքը, չսկսիր մեր յաջողութիւններէն կամ նոյնիսկ՝ մեր բարի գործերէն։ Մենք արժէքաւոր ենք, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք եւ Անոր կողմէ սիրուած։ Այդ արժէքը չենք հետապնդէր կամ անոր համար չենք աշխատիր։ Անիկա Աստուծոյ պարգեւն է մեզի։ Իսկ մեր կոչումն է ապրիլ այդ արժէքին համապատասխան՝ մեր մէջ հետզհետէ արտացոլացնելով Աստուծոյ սէրը, բարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։

Եսայի մարգարէն կը յիշեցնէ, թէ Աստուած Իր հայեացքը կը դարձնէ խոնարհ ու զղջացող մարդուն, որ ակնածանքով կ’ընդունի Իր խօսքը (Եսայի 66.2)։ Աստուծոյ փնտռածը կատարեալ երեւալ փորձող մարդը չէ, այլ անկեղծ սիրտը, որ պատրաստ է լսելու, իր սխալները ընդունելու եւ փոխելու իր ընթացքը։

Երբ այս գիտակցութեամբ կ’ապրինք, կը դադրինք մեր արժէքը ուրիշներուն հաւանութեան մէջ փնտռելէ։ Գովասանքը մեզ չի գոռոզացներ, իսկ քննադատութիւնը՝ չի կործաներ։ Յաջողութեան ժամանակ չենք մոռնար, թէ մեր ունեցածը պարգեւ է, իսկ ձախողութեան ժամանակ չենք կարծեր, թէ կորսնցուցած ենք մեր արժէքը։ Կը շարունակենք վստահիլ Աստուծոյ, որովհետեւ գիտենք, որ Անոր սէրը կախեալ չէ մեր յաջող կամ անյաջող օրերէն։

Աստուծոյ համար կարեւոր է, թէ ի՞նչ կ’ընենք, բայց նաեւ՝ թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ հոգիով կ’ընենք։ Կարելի է բարի գործ մը կատարել՝ միայն գովասանքի արժանանալու համար։ Կարելի է ծառայել՝ ուրիշներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու նպատակով։ Սակայն կարելի է նաեւ լուռ կերպով բարիք գործել, ներել, մխիթարել եւ ձեռք երկարել՝ առանց սպասելու, որ մարդիկ նկատեն կամ գնահատեն մեզ։

Հետեւաբար, մեր առօրեայ գործերով ու պարտականութիւններով զբաղած՝ չմոռնանք հոգ տանիլ նաեւ մեր ներքին կեանքին։ Ժամանակ տրամադրենք աղօթելու, Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ անկեղծութեամբ քննելու մեր ընթացքը։ Հարցնենք մենք մեզի՝ ո՞ւր պէտք է փոխուիմ, ո՞ր սխալը պէտք է սրբագրեմ, որո՞ւ պէտք է ներեմ եւ որո՞ւ կրնամ ձեռք երկարել։

Օր մը մեր պաշտօններն ու տիտղոսները պիտի մնան մեր ետին։ Մարդոց գովասանքն ու գնահատանքը պիտի լռեն, իսկ մեր նուաճումները պիտի դառնան անցեալի յիշատակներ։ Այն ատեն իսկական նշանակութիւն պիտի ունենայ այն, թէ Աստուծոյ շնորհքով ինչպիսի՞ մարդ դարձած ենք։

Որովհետեւ մեր իսկական արժէքը միայն մեր կատարած գործերով չի չափուիր։ Անիկա կը բխի Աստուծոյ կողմէ սիրուած ըլլալու ճշմարտութենէն։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան