«ԲԱՐԵՒ․․․ԵՍ ԳԻՐՔՆ ԵՄ» ԴԱՍԱԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքին, հինգշաբթի, 27 օգոստոս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց․ Առաք. եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն «Բարեւ… Ես գիրքն եմ» դասագիրքին շնորհանդէսը։

Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, թեմիս առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ․ Վրդ. Քիւսպէքեանի, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհն. Միքայէլեանի, Օնթարիո նահանգի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեանի եւ անդամներ՝ Յարութ Գասապեանի, Արմէն Հրեշտակեանի եւ Գրիգոր Շիթիլեանի, Հայաստանէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած գիրքին հեղինակ Նայիրի Մկրտիչեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներու, ազգային-եկեղեցական մարմիններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ գրասէր ու ընթերցասէր բազմութեան մը։

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքի անդամներէն Բրշ. Շանթ Սրկ. Տէօքմէքճեանի բացման խօսքով։ Ան ի մի բերաւ գիրքին կարեւոր դերակատարութիւնը, գիրքը նմանցնելով նաւու մը, ուր անոր ալիքներուն վրայ գիտելիքներու շարան մը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։ Բարեշնորհ Սարկաւագը իր խօսքին ընդմէջէն ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքի առաքելութիւնը՝ ըսելով. «Թեմիս Հայեցի Դաստիարակութեան առաքելութիւնը եղած է կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբել ﬔր մատղաշ սերունդին, որպէսզի անոնք լիցքաւորուին ﬔր դարաւոր անցեալով, հայկական աւանդութիւններով, մշակութային եւ կրօնական արժէքներով։ Բաժանմունքը փորձած է քաջալերել հայ տաղանդաւոր փոքրիկներն ու պատանիները, որպէսզի անոնք հաստատ քայլերով բարձրանան յաջողութեան աստիճանները, եւ շարունակական ներդրում կատարած է հայոց լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի զարգացման կարեւոր գործին»:

Օրուան հանդիսավար` Հայեցի Դաստիրակութեան բաժանմունքի անդամներէն Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեանը հրաւիրեց փոքրիկներ Մկրտիչ եւ Արեգ Զերէնցեանները եւ Քնար Թորոսեանը, ընթերցելու հատուածներ հայոց պատմութենէն, որոնք ներառուած էին դասագիրքին մէջ։

Կաթիլ Մկրտիչեան գեղեցիկ ոճով ընթերցեց Նայիրի Մկրտիչեանի կենսագրականը, անդրադառնալով անոր կրթական, ազգային, հայրենասիրական եւ հասարակական գործունէութիւններուն։

Գիրքի հեղինակ Նայիրի Մկրտիչեան ներկայացուց դասագիրքին բովանդակութիւնը։ Ան պատկերազարդ սփռումով, պաստառի վրայ բացատրեց դասագիրքին բովանդակութիւնը, մերթ ընդ մերթ բացատրութիւն տալով տեղադրուած նկարներուն մասին։

Աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտին խօսքը, նախ ողջունելով օրուան հիւրը, որ այս առթիւ յատուկ ժամանած էր հայրենիքէն, աչքի առաջ բերելով Ազգային Առաջնորդարանին հետ իր ունեցած համագործակցութիւնը հայեցի ծրագիրներով եւ աշխատանքներով։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ գիրքին վերնագրին, ուր գիրքը ինքզինք կը ներկայացնէ մանուկին, որ պատրաստուած է 21-րդ դարու արդիականացման մեթոտներով։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ «Գիրքը պէտք է ըլլայ բարեկամը, ընկերը եւ բալասանը իւրաքանչիւր հայու», բարձր գնահատելով Նայիրի Մկրտիչեանի կատարած այս աշխատանքը, որ ամենայն բծախնդրութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ մանկավարժական սկզբունքներով պատրաստուած եւ հրապարակուած է։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ գիրքին ծնունդին, որուն հիմնական եւ մղիչ ուժը եղած էր ինքնութեան անարատ պահապանումը, իր մէջ ներառելով լեզուն եւ մշակոյթը, հայեցի կրթութիւնն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, որոնք զուգահեռ եւ անբաժանելի են մեր մշակոյթէն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին ընդմէջէն գնահատեց նուիրեալ անձիքը, որոնք ծառայասիրութեամբ կը կատարեն այս բոլոր առաքելութիւնները, պահպանելով երէկուան, վաղուան եւ գալիք սերունդներուն հայու ինքնութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Նայիրի Մկրտիչեանի տոհմական ազգային եւ հայրենասիրական ընտանիքի անդամ ըլլալը, ուր հայեցի դաստիրակութեամբ սնուած՝ կ’իրականացնէ իր ծրագիրները։

Աւարտին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս երախտագիտական խօսքերով գնահատեց ներկաներուն ժամանումը, որոնց քաջալերական ներկայութիւնը ի միտի կը բերեն նոր մտայղացումներ եւ նոր մեկնարկներ։ Ան կոչ ուղղեց, որ միասնութեան եւ համագործակցութեան ոգիով ընթանանք առաջ, որուն արգասիքը պիտի ըլլայ նորարար աշխատանքներ, յանուն հայ երեխայի եւ ապագայի հայ սերունդի գոյատեւման։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ