ՍԵՂԱՆ

Պատարագի Ս. Խորհուրդը տեղի կ’ունենայ Ս. Սեղանին վրայ: Այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս Պասէքի տօնի երեկոյեան, Վերջին Ընթրիքի պահուն իր աշակերտներով շրջապատուած հաստատեց զայն:

         Ս. Սեղանը հաստատուած պէտք է ըլլայ քարեղէն սիւնի մը վրայ, եւ որուն վրայ դրուած ըլլայ մարմարեայ հսկայ մակերեսով ողորկ շերտ մը:

         Ս. Սեղանը պէտք չէ շփոթել Խորանին հետ: Ան Խորանին կեդրոնը հաստատուած այն բաժինն է, որուն վրայ կը կատարուի Ս. Պատարագը, ուրկէ կը բարձրանան բազմոցին սանդղամատերը մինչեւ Աստուածամօր նկարը:

         Եկեղեցին հիմնականօրէն մէկ Ս. Սեղան պէտք է ունենայ, սակայն բարեպաշտական զգացումներով մեծ եկեղեցիներ Մայր Սեղանին կողքին սկսան կառուցանել կողմնակի սեղաններ, եւ երբեմն երեք խորաններով: յաճախ կողմնակի՝ եկեղեցւոյ անուան նուիրական սեղան մը, համանուն սուրբին նկարով, ուր ամէն տարի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան պատարագը հոն կը մատուցուի:

ՍԿՈՒՏԵՂ

Պղինձեայ պնակներ, որոնք բանկալ դրուած կ՝ըլլան եւ հաւատացեալներ մոմագինն ու սրտաբուխ նուերը անոր մէջ կը զետեղեն:

Սկուտեղը նմանօրինակ պնակներէն աւելի փոքր է, որ կը պահուի աւանդատան մէջ: Ամէն անգամ, որ սարկաւագը խաչը պիտի տայ հանդիսադիր եկեղեցականին, շուշփայով ծածկուած սկուտեղով կը ներկայացնէ գաւազանին հետ, Աւետարանի ընթերցումէն կամ քարոզէն առաջ: