ՆՇԽԱՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի ամառնային ճամբարի բարձրագոյն կարգի աշակերտները, իր տեսակին մէջ եզակի եւ յատուկ գործնական աշխատանքի մը հետեւեցան: Օրուայ նիւթն էր «Նշխար»ի պատրաստութիւն:

Արդարեւ, Հինգշաբթի 27 Օգստ. 2026-ին, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Տաթեւ Քահանայ հայրը, նախ տեսականօրէն բացատրեց Նշխար բառին իմաստը եւ թէ ինչպէս Ս. Պատարագի ընթացքին, Նշխարն ու Գինին կը վերածուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Կենարար Մարմնին եւ Արեան:

Որմէ ետք, ներկաներուն կողմէ յատուկ աղօթքներու եւ սաղմոսներու ընթերցանութենէ ետք, Երէցկին Սօսի Միքայէլեան նշխարի յատուկ կաղապարներու միջոցաւ գործանական բացատրութիւն տալէ ետք, աշակերտները նշխար պատրաստեց եւ իրենց տուները տարին: