ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՃԱՄԲԱՐ — ԵՐՐՈՐԴ ԵՒ ՉՈՐՐՈՐԴ ՕՐԵՐ

Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցին կազմակերպած ամառնային Սուրբ Գրոց Ճամբարը իր երրորդ եւ չորրորդ օրերուն շարունակուեցաւ հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մարզական եւ ձեռային բազմազան յայտագիրներով։

Երրորդ եւ Չորորդ օրերու ընթացքին մասնակիցները շարունակեցին իրենց Սուրբ Գրային դասերը, զրոյցներն ու զանազան հետաքրքրական գործունէութիւնները եւ ունեցան այցելու դաստիարակներ։

Ճամբարի յատուկ յայտագիրներու շարքին, Տիար Հովիկ Թոզճեան մասնակիցներուն ներկայացուց Kung Fu-ի եւ ինքնապաշտպանութեան հիմնական սկզբունքներն ու գործնական վարժութիւնները։ Ան նաեւ անդրադարձաւ խոկումի եւ կեդրոնացումի կարեւորութեան՝ մասնակիցներուն հետ կատարելով վարժութիւններ, որոնք կը նպաստեն ներքին հանդարտութեան եւ խաղաղութեան։

Մշակութային բաժինով, պարուսոյց Տիկին Լիլիթ Գալստեան մասնակիցներուն ծանօթացուց հայկական ժողովրդական պարերու գեղեցիկ աւանդութեան։ Ան ներկայացուց եւ սորվեցուց «Կարնոյ Քոչարի», «Պլուլ», «Թազմարա» եւ «Էջմիածին» պարերը՝ մասնակիցներուն առիթ տալով ոչ միայն սորվելու պարային շարժումները, այլ նաեւ աւելի մօտէն հաղորդակից դառնալու հայկական մշակոյթին ու աւանդութիւններուն։

Ինչպէս նաեւ, Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչուհիներէն՝ Տիկին Նարինէ Գալստեան առաջնորդեց օրուան դասընթացքը եւ, Սուրբ Գրային նիւթերու ու խմբային քննարկումներու ընդմէջէն, փոխանցեց հաւատքի եւ քրիստոնէական կեանքի այժմէական գիտելիքներ։

Երրորդ եւ չորրորդ օրերու բազմազան յայտագիրները անգամ մը եւս համադրեցին ճամբարի հիմնական նպատակները՝ հաւատքի խորացում, հայկական ինքնութեան ամրապնդում, ընկերային առողջ միջավայր եւ նոր գիտելիքներու ու հմտութիւններու ձեռքբերում։

Կը բաժնենք երրորդ եւ չորրորդ օրերէն կարգ մը նկարներ։