Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՈՐՔ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2026-ին, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին յաջորդող օրը, «Յիշատակ Մեռելոց»ի առիթով, Եորք Գերեզմանատան մէջ բացօդեայ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ի յիշատակ ննջեցեալ հոգիներուն։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան։ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ բարեշնորհ սարկաւագներն ու դպիրները, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին ներկայ հաւատացեալները։

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, նախագահութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ ննջեցեալներուն։

Ապա, եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը կատարեցին գերեզմանօրհնէք՝ օրհնելով ներկաներուն ննջեցեալ հարազատներուն, ծանօթներուն եւ բարեկամներուն շիրիմները եւ աղօթք բարձարցնելով անոնց հոգւոյ խաղաղութեան համար։