ԳՕՏԻ

Պատարագի զգեստի մաս կը կազմէ գօտին։ Չորս մատ լայնքով կամարձեւ գեղահիւս այն ժապաւէնն է, որ մեծ արծաթեայ ճարմանդով մը կ՚ագուցուի պատարագիչի մէջքին ու կը գրկէ պատարագիչի շապիկին ու փորուրարը։

Ի հնումն, գօտին իշխանութեան նշանկութիւն ունէր, իշխանական հանգամանք չունեցողը գօտի գործածելու իրաւունքը զուրկ էր։

Մեր եկեղեցական կանոնագրութեան մէջ եւս սարկաւագներ գօտի գործածելու իրաւունքէն զուրկ են։ Քահանան է որ կը գործածէ եւ ձեռնադրութեան ընթացքին մասնաւոր բանաձեւով ան կը ստանայ եպիսկոպոսէն որ կ՚ըսէ .- Սուրբ Հոգիէն ա՛ռ կապելու եւ արձակելու իշխանութիւնը, որ մեր Տէրը Սուրբ Սռաքեալներուն տուաւ ըսելով.- Ինչ որ կապէք երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակէք երկիր վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ (Մատթ. ԺԸ 18)։

Իսկ զգեստաւորումի ընթացքին պատարագիչ եկեղեցականը հետեւեալ աղօթքը կը կարդայ. Թող հաւատքի գօտին շրջապատէ եւ պահպանէ միտքս եւ զգայարանքներս, եւ ասոնց մէջ մարէ բոլոր աղտոտ խորհուրդները։ Եւ շնորհակալներուդ զօրութիւնը թող գայ բնակելու ասոնց մէջ, մեր տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը։

Երբեմն իր ծայրամասերուն գտնուող մասնաւոր կապով մըն է, որ կ՚ամրացուի գօտին, կեդրոնը ունենալով ճարմանդանման գեղեցիկ զարդ մը։

ԱՐՏԱԽՈՒՐԱԿ

Եպիսկոպոսներու պատարագի շքեղ հանդերձանքին մաս կը կազմէ արտախուրակը։ Վակասի ներքնամասէն կախուած զոյգ մե երկար զարդարանքներ են անոնք, որոնք կ՚ունենան շուրջ 40 սմ. Երկայնք եւ 8-9 սմ. Լայնք։

Անցեալին արտախուրակները մաս կը կազմէին խոյրին եւ կ՚իջնէին անոր ետեւէն մասէն. Կ՚ենթադրուի որ անոնք խոյրը գլխուն վրայ հաստատ պակող կապերը եղած են։

Հռոմէական Եկեղեցին արտախուրակները կը գործածէ հնամենի աւանդութեամբ, ուղղակի խոյրին ագուցուած։ Այսօր արտախուրակները վերածուած են լոկ զարդերու, ամբողջութեամբ անջատուելով խոյրէն՝ անոնք կը կախուին վակասէն։

Արտախուրակները խոյրին եւ վակասին նման ասեղնագործութեամբ նաշխուած կ՚ըլլան, երրեակ ներդաշնակութեամբ ծաղկեցնելով եպիսկոպոսական պատարագի հանդերձանքը։