For young people across Canada, summer stretches from late June until September. It marks the end of another academic year – a time of graduation for some and new beginnings for others. While often associated with vacations and a break from studies, summer is also a valuable opportunity to grow, reconnect, and become more involved in the life of the Church and the community.
These months offer young people the chance to renew both mind and spirit by building friendships, serving others, discovering new talents, and creating lasting memories. Rather than spending the season in isolation, youth flourish when they gather with friends, families, and fellow parishioners, strengthening both their faith and their sense of belonging.
Our Church provides many opportunities for this through Bible studies, the joyful celebration of Vartavar, Sunday School summer camp programs, and the Saint Mary Holy Week and Parish Festival (Kermes). These are more than scheduled events – they are occasions where faith, fellowship, and service come together.
Bible Study gatherings offer a welcoming setting where young people explore Holy Scripture under the guidance of the parish’s Spiritual Father. They prepare readings, ask questions, and discuss how the Gospel applies to everyday life. Fellowship often continues afterward over ice cream, refreshments, or an evening bonfire, allowing friendships to grow within a warm and supportive Christian community.
One of the highlights of the summer is Vartavar, the beloved Armenian water festival celebrated ninety-eight days after Easter. As participants joyfully splash one another with water, they celebrate the themes of purification, renewal, and abundant life. Children, youth, and adults alike share in the laughter, strengthening the bonds that unite our parish family.
Sunday School summer camps introduce younger children to the teachings of Jesus Christ through prayer, Bible lessons, music, games, and creative activities. Older youth generously volunteer as counsellors and assistants, becoming role models for the children while discovering the joy of serving others.
The summer concludes with the Saint Mary Holy Week and Parish Festival (Kermes), celebrated near the Feast of the Assumption of the Holy Virgin Mary, the patronal feast of our parish. Throughout Holy Week, young people gather for worship, prayer, and fellowship, while also helping prepare the church grounds, welcome visitors, and assist with festival activities. These shared experiences of service and teamwork often become treasured memories.
Although summer eventually ends, the friendships, faith, and sense of belonging developed during these months continue throughout the year. By worshipping, serving, and celebrating together, our youth discover that the Church is not simply a place they attend on Sundays, but a living family where they are welcomed, valued, and encouraged to grow. In this way, summer becomes not only a season of rest, but also one of spiritual renewal, lasting friendships, and joyful participation in the Christian community.
Hagop Geragosian
Երիտասարդական Ամառ՝
Հաւատքի, Բարեկամութեան եւ Համայնքային Կեանքի Շրջան
Գանատայի տարածքին երիտասարդներուն համար ամառը կը տարածուի Յունիսի վերջաւորութենէն մինչեւ Սեպտեմբեր։ Անիկա նոր ուսումնական տարեշրջանի աւարտը կը նշանակէ. ոմանց համար՝ աւարտական հանգրուան, իսկ ուրիշներու համար՝ նոր սկիզբներու դուռ։ Թէեւ ամառը յաճախ կը կապուի արձակուրդին եւ դասերէն հանգիստ առնելուն հետ, ան նաեւ արժէքաւոր առիթ մըն է աճելու, վերանորոգուելու եւ աւելի աշխուժօրէն մասնակցելու եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին։
Այս ամիսները երիտասարդներուն կու տան միտքն ու հոգին նորոգելու, նոր բարեկամութիւններ հաստատելու, ուրիշներուն ծառայելու, իրենց շնորհքները բացայայտելու եւ յիշատակելի յուշեր կերտելու առիթը։ Փոխանակ ամառը առանձին անցընելու, երիտասարդները կը ծաղկին, երբ կը համախմբուին իրենց բարեկամներուն, ընտանիքներուն եւ եկեղեցւոյ անդամներուն հետ՝ ամրապնդելով թէ՛ իրենց հաւատքը եւ թէ՛ իրենց համայնքային պատկանելիութեան զգացումը։
Մեր եկեղեցին այս բոլորը կ’իրականացնէ Ս. Գիրքի սերտողութիւններով, Վարդավառի ուրախ տօնակատարութեամբ, Կիրակնօրեայ վարժարանի ամառնային ճամբարներով, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աստուածածնայ Շաբաթի եւ ծխական տօնախմբութեան (Քերմէսի) հաւաքներով: Ասոնք պարզապէս օրացոյցի վրայ արձանագրուած ձեռնարկներ չեն, այլ առիթներ, ուր հաւատքը, եղբայրասիրութիւնը եւ ծառայութիւնը կը միաւորուին։

Ս. Գրային սերտողութեան հանդիպումները ջերմ ու հիւրընկալ միջավայր կը ստեղծեն, ուր երիտասարդները իրենց եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչին առաջնորդութեամբ կը խորանան Սուրբ Գրքին մէջ։ Անոնք նախապէս կը պատրաստեն ընթերցումները, հարցումներ կու տան եւ միասին կը քննարկեն, թէ ինչպէս Աւետարանը կարելի է գործադրել առօրեայ կեանքին մէջ։ Այս հանդիպումներէն ետք յաճախ կը շարունակուի եղբայրական հաղորդակցութիւնը՝ պաղպաղակով, թեթեւ հիւրասիրութեամբ կամ երեկոյեան խարոյկի շուրջ, ուր բարեկամութիւնները կը խորանան քրիստոնէական ջերմ եւ զօրավիգ համայնքի մը մէջ։
Ամրան ամենասիրուած պահերէն մէկը Վարդավառն է՝ հայ ժողովուրդի սիրելի ջրխաղի տօնը, որ կը նշուի Զատիկէն իննսունութ օր ետք։ Երբ մասնակիցները ուրախութեամբ ջուր կը սրսկեն իրարու վրայ, անոնք կը տօնեն մաքրագործման, հոգեւոր նորոգութեան եւ առատ կեանքի խորհուրդները։ Երեխաներ, երիտասարդներ եւ մեծեր միասին կը մասնակցին այս ուրախութեան՝ աւելի սերտ դարձնելով մեր եկեղեցւոյ ընտանիքը միացնող կապերը։
Կիրակնօրեայ վարժարանի ամառնային ճամբարները կրտսերներուն կը ծանօթացնեն Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումները՝ աղօթքի, Աստուածաշունչի դասերու, հոգեւոր երգերու, խաղերու եւ ստեղծագործ ձեռնարկներու միջոցաւ։ Աւելի հասուն երիտասարդները սիրայօժար կը ծառայեն որպէս դաստիարակներ եւ օգնականներ՝ փոքրերուն համար օրինակ դառնալով եւ իրենք եւս բացայայտելով ուրիշներուն ծառայելու բերկրանքը։
Ամրան եզրափակիչ հանգրուանը Սուրբ Աստուածածնի Շաբաթն ու ծխական Քերմէսն է, որ կը կատարուի Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին մօտ, մեր ծուխի անուանակոչական տօնին առիթով։ Սուրբ Շաբթուան ընթացքին երիտասարդները կը համախմբուին աղօթքի եւ եղբայրական հաղորդակցութեան համար, միաժամանակ իրենց մասնակցութիւնը բերելով եկեղեցւոյ բակի պատրաստութեան, այցելուներու ընդունելութեան եւ տօնախմբութեան զանազան ծառայութիւններուն։ Միասին աշխատելու եւ ծառայելու այս փորձառութիւնները յաճախ կը դառնան անմոռանալի յիշատակներ։
Թէեւ ամառը ի վերջոյ կ’աւարտի, այս ամիսներուն ընթացքին կազմուած բարեկամութիւնները, ամրացած հաւատքը եւ համայնքին պատկանելու զգացումը կը շարունակեն ուղեկցիլ երիտասարդներուն ամբողջ տարուան ընթացքին։ Միասին Աստուած պաշտելով, ծառայելով եւ տօնելով, մեր երիտասարդները կը բացայայտեն, որ Եկեղեցին պարզապէս կիրակնօրեայ այցելութեան վայր մը չէ, այլ կենդանի ընտանիք մը, ուր իրենք սիրով կը դիմաւորուին, կը գնահատուին եւ կը քաջալերուին հոգեպէս աճելու։ Այսպէս ամառը կը դառնայ ոչ միայն հանգիստի շրջան, այլ նաեւ հոգեւոր նորոգութեան, մնայուն բարեկամութիւններու եւ եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից դառնալու եղանակ մը։
Յակոբ Կիրակոսեան