Ինչո՞ւ կարեւոր է ուխտագնացութիւնը։
Ուխտագնացութիւն կը կատարուի բարեպաշտ քրիստոնեաներուն կողմէ, այցելելով զանազան սրբավայրեր, անոնք ըլլան՝ Տէրունակոխ, այսինքն՝ այն վայրերը ուր Յիսուս այցելած է ու կոխած, եւ կամ՝ սուրբերու ապրած կամ նահատակուած վայրերը։ Ուխտագնացութիւններ կը կատարուին նաեւ եկեղեցւոյ մը կամ վանքերը անուանակոչութեան առիթով։
Ուխտագնացութեան սովորութիւնը վաղ քրիստոնէութենէն կը սկսի, երբ քրիստոնեաներ սուրբ վայրեր կ’այցելէին՝ երկրպագելու եւ համբուրելու համար Տէրունակոխ վայրերը։
Հին վանքերը կառուցուած կ’ըլլային սուրբերու կամ նահատակներու եւ մարտիրոսներու աճիւններուն վրայ, եւ մարդիկ, անոնց նահատակութեան օրը, այնտեղ կ’երթային՝ աղօթելու եւ Աստուծոյ մօտ սուրբերուն բարեխօսութիւնը խնդրելու։
Ուխտագնացութիւնները հոգեւոր սնունդի ու աճման սքանչելի պահեր են իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար։ Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր են կազմակերպուած ուխտագնացութիւնները։
Ժէ Շարունակելի