ՋԱՀ

Բազմաճիւղ աշտանակներով կազմուած եւ մասնաւոր պատուանդանի մը վրայ հաստատուած համագումար լոյսով լուսաւորելու կարողութեամբ օժտուած մեծ աշտանակ մըն է, ջահը:

Ջահը այսօր մենք կը տեսնենք մեր եկեղեցւոյ կամարներէն կախուած, որպէս լուսասփիւռ:

Եկեղեցական այս ջահերը ընդհանրապէս անցեալին շինուած կ’ըլլային երկաթէ կամ պղինձէ, որոնք բազում լոյս մոմերով զարդարուած՝ հնարաւորութիւն կ’ունենային իրենց լուսաւորութեան դաշտը ընդարձակելու:

Այսօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիա գանձատան մէջ կը գտնուի զուտ արծաթեայ հսկայ ջահ մը, զարդարուած 4 Աւետարանիչներուն, 11 Առաքեալներուն (Մաթէոս եւ Յովհաննէս Առաքեալները որպէս Աւետարանիչներ նկատուած են, յաւելեալ Պօղոս Առաքեալի) եւ 18 մարգարէներուն քանդակներով, որ եղած է Սսոյ կաթողիկոսարանին Ս. Սոֆիա մայր Եկեղեցւոյ կեդրոնական ջահը:

Վերջին յիսնամեակին, մեր բոլոր եկեղեցիները սկսան զարդարուիլ ընտիր բիւրեղապակէ (crystale) ջահերով, որոնք ներքին յաւելեալ լուսաւորումով առաւել կը պայծառացնեն մեր եկեղեցիները: