ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՆԴԷՊ

         Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Ա. Տմ 4.12-5.10):

         «Եւ որպէսզի մէկը քեզ չարհամարհէ՝ երիտասարդ ըլլալուդ համար, հաւատացեալներուդ համար օրինակ եղիր՝ խօսքովդ, վարմունքովդ, սիրովդ, հաւատքովդ եւ մաքուր կենցաղովդ» (Ա.Տմ 4.12):

         Պօղոս առաքեալ, ընդհանրապէս, կը յորդորէ նորադարձ քրիստոնեաները, աշակերտներն ու երէցները, որպէսզի անոնք տիպար եւ օրինակելի ծառայողներ ու առաջնորդներ ըլլան Քրիստոսի եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Տիմոթէոսի ուղղած առաջին նամակով առաքեալը կ’անդրադառնայ այն երեւոյթին, թէ մարդիկ կրնան արհամարհել զինք երիտասարդ եւ անփորձ ըլլալուն պատճառաով:

         Աստուծոյ ծառայութիւնը երբեւիցէ տարիք չի ճանչնար: Աստուածապաշտ-ութիւնն ու բարեպաշտութիւնը չէ սահմանափակուած տարիքով մեծերուն, այլեւ՝ կ’ընդգրկէ երիտասարդները: Ընդհակառակը Աստուածամայրը՝ փոքր տարիքէն նուիրուած էր Աստուծոյ տաճարին եւ իր ամբողջ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած էր բարեպաշտութեամբ: Այդ պատճառով արժանացաւ աստուածային հաճութեան եւ երանելի կոչման, որովհետեւ Աստուած զինք ընտրեց բոլոր կիներուն մէջէն: Աւետարանը զանազան օրինակներով կը հաստատէ, թէ Քրիստոս իւրայատուկ գուրգուրանք կը ցուցաբերէ երիտասարդներուն եւ մանուկներուն նկատմամբ:

         Նախ Ինք երիտասարդ տարիքին բարեպաշտութեամբ կ’ապրէր, Իր ծնողներուն կատարելապէս կը հնազանդէր եւ լաւագոյնս օգտակար կը դառնար անոնց: Երուսաղէմի տաճարին մէջ երէցներուն հետ նստած, անոնց հետ կը խօսէր եւ կը զարմացնէր իր իմաստութեամբ ու ունեցած գիտելիքներով, ուղղուած հարցում-ներուն տուած Իր իմաստալից պատասխաններով:

         Երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին միշտ եղաւ տիպար Իր բոլոր խօսքերով, գործերով եւ կենցաղով, հիացմունքի արժանի ըլլալով բոլոր զԻնք լսողներուն: Առաքեալներէն՝ Յովհաննէսը երիտասարդագոյնն ու սիրելին էր երկնաւոր Վարդապետին, որուն վստահուեցաւ Տիրամօր խնամատարութիւնը Քրիստոսի կողմէ:

         Յիսուս պատասխանելով Իր աշակերտներու հարցումին, թէ ո՞վ է մեծը իրենց մէջ, ըսաւ. «Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկնքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք» (Մտ 18.2): Հին Կտակարանը կը շեշտէ թէ զաւակը լաւագոյնս կրթելու համար իր մանուկ հասակէն պէտք է զայն կրթել, որովհետեւ լաւագոյնս կ’ընկալէ այն ինչ որ իր մատղաշ սիրտին մէջ սերմանուած է. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առ 22.6):

         Յիսուս Քրիստոսով իսկական դաստիարակ եւ լաւ օրինակ դառնալու համար, Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ թէ՛ խօսքով, վարմունքով, սիրով, կենցաղով եւ թէ հաւատքով՝ «Քրիստոսի իսկական հետեւորդ կ’ըլլաս՝ եթէ այս խրատները հաւատացեալ եղբայրներուն տաս, եւ ինքզինքդ սնուցանես սոյն հաւատքով եւ ճշմարիտ ուսուցումներով, որոնց հետեւող եղար, իսկ պառաւներու յատուկ եւ հաւատքը պղտորող առասպելներէն ամբողջութեամբ հեռո՛ւ մնայ» (Ա. Տմ 4.6):

         Պօղոս առաքեալ մասնաւորելով եկեղեցւոյ ծառայողները կ’ըսէ. «Նոյնպէս ալ սարկաւագները, պէտք է պարկեշտ ըլլան եւ ո՛չ թէ կեղծաւոր, գինեսէր կամ շահամոլ: Պէտք է մաքուր խիղճով պահեն հաւատքին յայտնեալ ճշմարտութիւնները: Ասոնք եւս պէտք է փորձուին եւ ապա միայն եթէ անմեղադրելի ըլլան, իրենց պաշտօնին անցնին» (Ա. Տմ 3.8-10):

         Հետեւաբար, Աստուծոյ անդաստանէն ներս ծառայելու համար անհրաժեշտը վարկն ու կենցաղը, առ Աստուած ունեցած սէրն ու հաւատքը, առ մարդկանց ունեցած ներողամիտ եւ խաղաղարար ոգին է, եւ ո՛չ թէ տարիքը. Քրիստոս պիտի ըսէր. «Ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ» (Մտ 11.29):

         Քրիստոս, իբրեւ մեր գերագոյն օրինակը նկատի ունենանք եւ մեր խօսքերով, սիրով, աներկմիտ հաւատքով ու մաքուր կենցաղով դրական կերպարներ ըլլանք մեր միջավայրին մէջ:

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Յհ 3.13-21)

Աստուծոյ Սէրը Մարդոց Հանդէպ

           -Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկնքի մէջ է:

Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ աշխարհը դատապարտելու, այլ՝ աշխարհը փրկելու: Ով որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին որդիին չհաւատալուն համար:

         -Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին: Ով որ չար գործ կատարէ՝ կ’ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են:

         Աւետարանական այս հատուածը խորքին մէջ, Նիկոդէմոսին ուղղուած Յիսուսի պատասխանին շարունակութիւնն է, որ կ’ընդգրկէ քրիստոնէական կեանքին ու հաւատքին կապուած կարեւոր հաստատումներ:

         Վերոյիշեալ աւետարանական համարներուն մէջ յիշուած «Երկինք» բառը կը խորհրդանշէ յաւիտենական կեանքը ժառանգած ըլլալու իրողութիւնը, ուր կը տիրապետէ Աստուծոյ մնայուն «Սէրն» ու երջանկութիւնը, բոլոր իրեն հաւատացողներուն վրայ:

         Մարդիկ բոլոր ժամանակներուն մէջ փորձած են գտնել մէկը, որ կարենայ հեղինակութեամբ խօսիլ երկնքի եւ երկրի իրականութիւններուն մասին: Քրիստոս յստակօրէն կ’ըսէ, մարդոց մէջէն ոչ ոք ելած է երկինք ու իջնելով վկայած է անոր մասին, բացի Իրմէ որ երկինքէն իջաւ եւ ետ երկինք բարձրացաւ: Հետեւաբար երկնային իրականութիւններուն եւ ճշմարտութիւններուն մասին միայն Ինք կրնայ խօսիլ:

         Ան իբրեւ «Աստուծոյ Որդի» աշխարհ իջնելով, մարդկային մարմին զգեցաւ, պահելով իր կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ Մարդ յատկութիւնները:

         14րդ համարին մէջ «Պղինձէ օձի»ին օրինակը կը խորհրդանշէ ժամանակին անապատին մէջ եբրայեցի ժողովուրդը Մովսէսի կողմէ բարձրացուած  պղինձէ օձին նայելով ֆիզիքական ախտերէ բժշկուեցան, նոյնպէս ալ Քրիստոսի եւ Անոր խաչափայտին հաւատքով նայողը պիտի փրկուի եւ յաւիտենական կեանք ժառանգէ:

         Քրիստոս իբրեւ յաւիտենական Աստուած աշխարհ եկաւ մարդը փրկելու յաւիտենական դատապարտութենէ, յաւիտենական կեանք պարգեւելով բոլոր անոնց որ կը հաւատան Իրեն. «Ով որ կը հաւատայ Անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար Անոր արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ Միածին Որդիին չհաւատալուն համար» (Յհ 3.18):

         19րդ համարով Յիսուս կ’ըսէ. «Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին» (Յհ 3.19): Լոյսը կը նմանի հաւատքի եւ դատաւորի, ինչպէս որ լոյսին մօտ եկողը կը լուսաւորուի եւ լոյսէն հեռու փախչողը խաւարի մէջ կը մնայ, այսպէս ալ Քրիստոսի հաւատացողը կը փրկուի, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի չհաւատացողը կը դատապարտուի:

           Քրիստոս աշխարհ եկաւ որպէս լոյս, բայց մարդիկ նախընտրեցին խաւարը. ով որ բարութիւն կը գործէ եւ արդար է՝ լոյսէն չի վախնար, իսկ ով որ չարութիւն կը գործէ՝ կը վախնայ լոյսէն եւ կը նախընտրէ խաւարը որպէսզի իր գործերը չյայտնուին:

         Հետեւաբար եթէ Աստուած բնակի մարդուն մէջ, կը լուսաւորէ զինք եւ խաւարէն մասնիկ մը իսկ գոյութիւն չ’ունենար իր մէջ, այլ կատարեալ լոյսի բնակիչ կը դառնայ: «Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիները ըլլալու» (Յհ 1.12»:

         Երբ Աստուծոյ ճշմարիտ որդիները ըլլալու պատիւին արժանանանք, այն ատեն Տէրը մեզ պիտի վարձատրէ ըսելով. «Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքր գործերուն մէջ հաւատարիմ գտնուեցար», «Եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան» (Մտ 25.23):

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան