Ամէն տարի կը լսենք ահաւոր փոթորիկներու, երկրաշարժերու, անտառային հրդեհներու կամ ջրհեղեղներու մասին, որոնք բազմաթիւ մարդոց կեանքը կը թշուառացնեն կամ նոյնիսկ կը խլեն։ Այս դէպքերուն դիմաց, գրեթէ միշտ նոյն դժուար հարցումը կը ծագի. ինչո՞ւ Աստուած կը ձգէ, որ այսպիսի բաներ պատահին։ Պէտք չէ՞ Աստուած մեզ ապահով պահէ։ Աստուած չի՞ կրնար սաստել եղածները։
Աշխարհի պատերազմները կը հասկնանք, որովհետեւ անոնք մարդոց չար որոշումներուն եւ ընտրութիւններուն հետեւանքներն են։ Իսկ բնութեան աղէտները յաճախ «Աստուծոյ գործեր» կը կոչուին, որովհետեւ մարդիկ անոնց վրայ վերահսկողութիւն չունին։
Ինչպէ՞ս կրնանք բացատրել այդ դէպքերը։ Եկէք սկսինք նախ քննարկելով, այն ինչ որ բնութեան օրէնքներ կը կոչուին։ Ի՞նչ են բնութեան օրէնքները, եւ ինչո՞ւ կարեւոր են։
1. Բնութեան օրէնքները այն հաստատուն կանոններն են, որոնց համաձայն Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը կը գործէ։
Բնութեան օրէնքները անոնք են որ կանխատեսելի կը դարձնեն որեւէ բանի մը հետեւանքը։ Օրինակ, եթէ ծանր գունդ մը, ձեր ոտքին վրայ ձգէք, բնութեան ձգողութեան օրէնքին շնորհիւ գիտէք, թէ ձեր ոտքին վրայ պիտի իյնայ եւ ցաւ պիտի պատճառէ։
Եթէ այս եւ նման օրէնքներ գոյութիւն չունենային, չէինք կրնար գիտնալ, թէ բնութիւնը ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէր, երբ որոշ ձեւով գործէինք։ Այդ կանխատեսելիութիւնը հիմք կը հանդիսանայ մեր ամէնօրեայ որոշումներուն։ Ամէն առաւօտ անկողինէն կ’ելլենք, դուրսի եղանակին համապատասխան հագուստ կը հագնինք եւ բնական ընթացքով կը շարունակենք մեր օրը, որովհետեւ գիտենք, որ մեր ֆիզիքական աշխարհին մէջ կատարուած արարքները պիտի ունենան այն հետեւանքները, որոնք կ’ակնկալենք։
2. Բնութեան օրէնքները հնարաւոր կը դարձնեն բարիի ու չարի ընտրութիւնը։
Մտածեցէ՛ք այս մասին. երբ մէկը հրացանի ձգանը սեղմէ՝ սպանութիւն գործելու նպատակով, գիտակցօրէն չար արարք մը կը գործէ, որովհետեւ գիտէ, թէ ինչ պիտի պատահի, երբ ձգանը սեղմէ։ Նոյնպէս, երբ անձ մը, որ փամփուշտին առջեւ կը նետուի՝ ուրիշի մը կեանքը փրկելու համար, բարի արարք կը կատարէ, որովհետեւ գիտէ, թէ իր միջամտութեամբ պիտի կասեցնէ փամփուշտը եւ պիտի փրկէ ուրիշի մը կեանքը։
Առանց այս բնութեան հաստատուն օրէնքներուն, անկարելի պիտի ըլլար գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի պատահէր, երբ մէկը ձգանը սեղմէ կամ փամփուշտին առջեւ կանգնի։ Աշխարհը քաոսի պիտի վերածուէր, եւ ի վերջոյ ոչ ոք պատասխանատու պիտի ըլլար իր արարքներուն եւ անոնց հետեւանքներուն համար։
3. Բնական աղէտները այս բնութեան օրէնքներուն հետեւանքներն են։
Փոթորիկին, ջրհեղեղին կամ մրրիկին մէջ խորքին մէջ «չար» բան չկայ։ Անոնք բնութեան համակարգին մաս կազմող ուժեր են։ Աւելին, անոնք շատ կարեւոր դեր կը կատարեն։ Օրինակ՝ արեւադարձային փոթորիկները (սաստիկ հով եւ անձրեւ) շատ մը շրջաններու համար ջուրի հիմնական աղբիւրներէն մէկն են։ Մենք զանոնք «աղէտ» կը կոչենք միայն այն ժամանակ, երբ մարդիկ անոնց ճանապարհին կը գտնուին եւ վնաս կը կրեն։
Բայց հիմնական հարց կը մնայ, թէ ինչո՞ւ Աստուած անմիջապէս չի միջամտեր եւ չի պաշտպաներ մեզ, երբ այդ աղէտները դիմագրաւենք։
Ստորեւ այդ ուղղութեամբ երեք մտածումներ.
Նախ ըսեմ, որ շատ յաճախ Աստուած կը միջամտէ եւ աւելի մեծ աղէտներէ կը փրկէ մեզ, ջերմեռանդ աղօթողներուն աղաչանքներուն շնորհիւ, բայց մենք չենք գիտակցիր անոր։
Այնուամենայնիւ, ահաւասիկ երեք մտածումներ.
1. Որոշ բնական աղէտներ Աստուծոյ դատաստանին միջոց կրնան ըլլալ։

Նոյի ժամանակ պատահած ջրհեղեղը բնական երեւոյթ մը չէր. ան Աստուծոյ դատաստանն էր ամբարիշտ մարդոց նկատմամբ (Ծննդոց 6.11-13)։
Չմոռնանք, որ Աստուած է, որ կը տնօրինէ Իր ստեղծած աշխարհին մէջ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւնները, եւ միայն Ի՛նք կը տեսնէ ամբողջ պատկերը։
Սակայն, այս չառաջարկէր, թէ բնութեան աղէտները, Աստուծոյ դատաստանն են։ Աւելի ճիշդ է ընդունիլ, որ Աստուած երբեմն, Իր իմաստուն ծրագրին համաձայն, նման երեւոյթները գործածած է որպէս դատաստանի միջոց։
2. Աստուած բնական աղէտները կրնայ գործածել մեզի կարեւոր դասեր սորվեցնելու համար։
Ընդհանրապէս մարդիկ չեն ուզեր մտածել, թէ օր մը իրենց կեանքը աւարտ մը պիտի ունենայ։ Բնութեան այդ դժուար փորձառութիւնները մեզի կը յիշեցնեն, թէ մարդկային կեանքը փխրուն է եւ անցաւոր։
Երբ կը գիտակցինք, որ մեր կեանքը ժամանակաւոր է, բնականաբար կը սկսինք մտածել յաւիտենականութեան, Տիրոջ հետ մեր յարաբերութեան եւ Աւետարանին մասին։ Ասիկա այն դասերէն մէկն է, զոր Յիսուս կ’ուսուցանէ Ղուկաս 13.1-5-ին մէջ։ Այնտեղ Յիսուս կը բացատրէ, թէ պատահած այդ աղէտները ոեւէ մէկուն մեղքին հետեւանքը չէր, այլ որպէսզի մարդիկ ամէն վայրկեան ապաշխարութեամբ պատրաստ ըլլան յաւիտենականութեան համար։
3. Բնութեան աղէտները մեզի առիթ կու տան ուրիշներուն ծառայելու։
Բնական աղէտներէն ետք կատարուող օգնութեան աշխատանքները մեզի առիթ կու տան դառնալու Աստուծոյ սիրոյ եւ գթութեան գործակիցները՝ անձնուիրաբար ծառայելով մեր մերձաւորներուն այնպիսի կերպով, որ առանց այդ իրավիճակներուն գուցէ երբեք պիտի չկարենայինք իրականացնել։
Միմեանց ծառայելով՝ Յիսուս մեզ կը դաստիարակէ, որպէսզի աւելի Քրիստոսանման դառնանք։ Երբ սիրով եւ զոհողութեամբ կը ծառայենք ուրիշներուն, կը տեսնենք, որ Տէրը նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններուն մէջ ալ ներկայ է եւ կը գործէ։
Ինչպէ՞ս պէտք է արձագանգենք բնութեան աղէտներուն
Երբ մեր կեանքը Յիսուսի ուսուցումներուն վրայ կը հիմնենք, կը նմանինք այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ շինեց եւ ոչ թէ աւազի (Մատթէոս 7.24-27)։ Երբ կեանքի փոթորիկները հասնին, մեր հաւատքը մեզ հաստատ կը պահէ ճշմարտութեան վրայ։ Այս բոլոր դժուարութիւնները ուրիշ աչքով կը դիտենք։
Յովհաննէս Առաքեալը կ’ըսէ, որ ի վերջոյ ներկայ երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը յաւիտենապէս պիտի հաստատուի, ուր այլեւս պիտի տառապանք, լաց կամ մահ պիտի չըլլայ (Յայտնութիւն 21.1-8)։
Ուստի, բնութեան աղէտները, յիշեցում թող ըլլան Տիրոջ խոստումներուն կառչած մնալու եւ պատրաստուելու այդ օրուան ժառանգելու համար զայն։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան