1. Ո՞ւր կը գտնուին Տասը Պատուիրանները։
Նախ՝ մեր խղճին մէջ, ապա՝ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, ուր Աստուած զանոնք արձանագրեց Մովսէսի՝ առաջին մարգարէին միջոցով։
2. Մի՞թէ մեր խիղճն ու բանականութիւնը չեն կրնար առաջնորդել մեզ՝ մեր պարտականութիւնները կատարելու։
Այո՛, ինչպէս Պօղոս Առաքեալը կը գրէ (Հռոմ. Ա. 19), սակայն Աստուած կամեցաւ մարգարէներուն միջոցով, իսկ մանաւանդ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, լուսաւորել մարդոց խիղճն ու միտքը։
3. Ինչո՞ւ Աստուած կամեցաւ յայտնութեամբ լուսաւորել մեր միտքը։
Որովհետեւ մարդիկ, կռապաշտութեան եւ ամէն տեսակ արատներու մէջ ընկղմած ըլլալով, այլեւս չէին կրնար ականջ դնել իրենց խղճի ձայնին։
4. Ո՞ւր կը գտնուի Սուրբ Գրութեան օրէնքներուն համառօտ ամփոփումը։
Տասը Պատուիրաններուն մէջ, որոնք Աստուած տուաւ մարդոց Մովսէսի միջոցով, եւ որոնք Քրիստոս բացատրեց ու յստակացուց ամբողջ մարդկութեան։
5. Որո՞նք են Տասը Պատուիրանները։
- Ես եմ քու Տէր Աստուածդ. Ինձմէ բացի ուրիշ աստուածներ պիտի չունենաս։
- Դուն քեզի համար կուռք կամ որեւէ պատկերի նմանութիւն պիտի չշինես։ Անոնց պիտի չերկրպագես եւ պիտի չպաշտես զանոնք։
- Քու Տէր Աստուծոյդ անունը ունայնապէս պիտի չարտասանես։
- Յիշէ՛ շաբաթ օրը, որպէսզի զայն սուրբ պահես։
- Պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ, որպէսզի երկայն օրեր ապրիս այն երկրի վրայ, զոր քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։
- Մի՛ սպաններ։
- Մի՛ շնարար։
- Մի՛ գողնար։
- Քու ընկերիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ տար։
- Մի՛ բաղձար քու ընկերիդ տունը եւ ո՛չ ալ որեւէ բան, որ քու ընկերիդ կը պատկանի։ (Ելք Ի. 2–17)
6. Ինչպէ՞ս կը բաժնուին Տասը Պատուիրանները։
Տասը Պատուիրանները կը բաժնուին երկու տախտակներու. առաջին տախտակը կը պարունակէ չորս պատուիրաններ, որոնք կը վերաբերին Աստուծոյ հանդէպ մեր պարտականութիւններուն, իսկ երկրորդ տախտակը կը պարունակէ վեց պատուիրաններ, որոնք կը վերաբերին մեր ընկերոջ հանդէպ մեր պարտականութիւններուն։