
Ս. Կիպրիանոս ծնած է 208-ին Կարկեդոնի մէջ, մեծահարուստ հռոմէացի հեթանոս ծնողքէ: Նշանաւոր կը դառնայ իբրեւ մեծ ճառախօս եւ 245 թուին կ’ընդունի քրիստոնէութիւնը: Տեղւոյն պատրիարքը տեսնելով անոր կանգուն հաւատքը զայն քահանայ կը ձեռնադրէ: Ան 249ին կը ստանձնէ քաղաքին առաջնորդութիւնը:
Ս. Կիպրիանոսի նկարագրին մասին անոր կենսագիրը Պոնտիոս կ’ըսէ. «Իր դէմքին վրայ միանգամայն կը ճառագայթէին սէր եւ սրբութիւն, որ յարգանք կը պարտադրէին: Ան զուարթ էր եւ լուրջ, խիստ՝ առանց դաժանութեան, քաղցր՝ առանց տկարութեան: Ան աչազուրկներուն աչքն էր, կաղերուն՝ գաւազանը, նախատուածներուն՝ պաշտպանը»:
Ս. Կիպրիանոս իր հարստութեան մէկ մասը աղքատներուն կը բաժնէ, իսկ մնացեալը կը յատկացնէ եկեղեցիին: Անոր առաջնորդութեան տարիներուն հռոմէացի կայսր՝ Դեկոս, մեծ հալածանք կը բանեցնէ եկեղեցիին դէմ, որուն հետեւանքով բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը նահատակուին:
Ս. Կիպրիանոս հայրական յորդորներով կը քաջալերէ հօտը, որպէսզի ամրապնդուի իր հաւատքին մէջ եւ չյանձնուի կռապաշտութեան: Ս. Կիպրիանոսի ազդու եւ նշանաւոր խօսքերէն էր. «Ջուրի մկրտութիւնը մեղքերու թողութիւն է, իսկ արեան մկրտութիւնը՝ առաքինութեան պսակ»: Այսպէս կ’ըսէր իր հետեւորդներուն, իր կեանքը նաեւ կը յատկանշուի նուիրումով լեցուն ծառայութեամբ եւ բծախնդրութեամբ օժտուած:
257ին Դեկոսին կը յաջորդէ Վալերիանոսը, որ ահաւոր աւերներ ու վնասներ կը հասցնէ եկեղեցականները աքսորելով, աշխարհականները սպանելով ու անոնց ստացուածքները բռնագրաւելով:
Ս. Կիպրիանոս իմանալով թէ նահատակութեան ժամը հասած է, ջերմեռանդօրէն կը շարունակէ մղել հաւատքի բարի պատերազմը: 258ի Սեպտեմբերի 14ին, իր վերջին սքանչելի քարոզով ժողովուրդին կը փոխանցէ հաւատքի եւ փրկութեան վերաբերեալ ճշմարիտ եւ ուղիղ ուսուցումներ, ապա զինք կը գլխատեն:
Իրեն ժամանակակից պատմիչ մը՝ Մոնսօ իր մասին կը վկայէ ըսելով. «Կիպրիանոս փառաւոր եպիսկոպոսներէն է քրիստոնէական պատմութեան մէջ»:
Ս. Կիպրիանոս ունեցած է նաեւ գրական վաստակ, խորհրդածութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, ուր կը խօսի ապաշխարութեան, նահատակութեան եւ աղօթքի մասին: Ան կը շեշտէ եկեղեցւոյ կեդրոնական դերակատարութիւնը հաւատացեալի կեանքէն ներս: Այս մասին անոր յաւերժախօս բնաբանը կ’ըսէ. «Ով որ չընդունի եկեղեցին որպէս մայր, չի կրնար դաւանիլ զԱստուած իբրեւ Հայր»:
ՏՕՆ՝ ՈՐԴՒՈՑ ԹՈՌԱՆՑ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 25 Յուլիս 2026-ին, Հայց. Ս. Եկեղեցին հաւաքաբար կը նշէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի որդիներուն ու թոռներուն տօնը։ Ս. Արիստակէս, Վրթանէս, Յուսիկ եւ Գրիգորիս, ինչպէս եւ Դանիէլ, որ թէեւ ազգականական կապ չունէր, բայց աչքառու եւ սիրուած աշակերտ մըն էր։ Բոլորը շարունակած են Ս. Գրիգորի գործը՝ Քրիստոսի խօսքի քարոզութեամբ, իրենց սեփական անձը վտանգի ենթարկելու գնով։

Ս. Գրիգոր Լ. երկու որդի ունէր՝ Արիստակէս եւ Վրթանէս։ Կրտսեր որդին՝ Արիստակէսը, իր հօրը յաջորդեց իբրեւ Կաթողիկոս եւ նահատակուեցաւ 333 թուականին։ Ան ներկայացուցած էր Հայ Եկեղեցին Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովին (325)թ.։ Մինչեւ օրս Ս. Պատարագի ընթացքին արտասանւող Նիկիոյ հանգանակը՝ «Հաւատամք»ը, գրուած ու հռչակուած է այս ժողովին։ Եօթանասունամեայ Վրթանէսը յաջորդած է Արիստակէսին եւ ութը տարի գահակալած է որպէս կաթողիկոս մինչեւ իր մահը։ Վրթանէս ունեցած է երկու որդի՝ Գրիգորիս եւ Յուսիկ։ Գրիգորիս քարոզած է Վրաստանի եւ Աղուանքի մէջ (ներկայիս Ատրպէյճան), ուր նահատակուած է։ Յուսիկ կաթողիկոսական աթոռին կոչուած է ու նահատակուած՝ 347ին։ Դանիէլ կը խմբուի որդիներուն ու թոռներուն հետ, նկատի ունենալով անոր մտերիմ յարաբերութիւնը ընտանիքին հետ։ Ան ընտրուած էր յաջորդելու Յուսիկին։

Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան
