ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՋՐԽԱՂԻՆ

Կիրակի, 12 Յուլիս 2026-ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ կազմակերպած Վարդավառի ջրխաղին այցելեց Թորոնթոյի քաղաքապետ Վսեմաշուք Օլիվիա Չաու։

Քաղաքապետը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի եւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Հանդիպման ընթացքին Գերպ. Հայր Սուրբը ներկայացուց Թորոնթոյի հայ համայնքի հարուստ կեանքը՝ շեշտելով ազգային եւ հոգեւոր աւանդութիւններու պահպանման կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Վարդավառի տօնի խորհուրդին եւ աւանդութեան՝ պատասխանելով քաղաքապետին հարցումներուն։

Իր խօսքին մէջ քաղաքապետ Օլիվիա Չաու իր խոր ուրախութիւնը յայտնեց Վարդավառի ջրխաղին ներկայ գտնուելու եւ տօնակատարութեան ընթացքին տիրող եկեղեցական-համայնքային սիրոյ, միութեան ու ուրախութեան մթնոլորտը մօտէն զգալու առիթին համար։ Այդ գեղեցիկ մթնոլորտէն ներշնչուած՝ ան անդրադարձաւ նաեւ վերջին օրերուն Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած ցաւալի կրակոցներուն՝ շեշտելով, որ ամբողջ քաղաքը պէտք է օրինակ առնէ Վարդավառի խորհուրդէն. ինչպէս ջուրը կը լուայ ու կը մաքրէ, նոյնպէս ալ մարդիկ պէտք է իրենց սիրտերէն մաքրեն ոխը, ատելութիւնն ու չարիքը եւ անոնց տեղը հաստատեն սէր, համերաշխութիւն եւ փոխադարձ յարգանք։

Քաղաքապետը իր ներկայութեամբ պատուեց տօնակատարութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց մօտէն ծանօթանալու հայ ժողովուրդի գեղեցիկ աւանդութիւններէն մէկուն, որ իր մէջ կը մարմնաւորէ սիրոյ, ուրախութեան, համերաշխութեան եւ միասնականութեան պատգամը։

Ան նաեւ ականատես եղաւ, թէ ինչպէս Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Վարդավառի տօնակատարութիւնը մէկ անգամ եւս համախմբեց հարիւրաւոր մասնակիցներ՝ ստեղծելով տօնական ու ջերմ մթնոլորտ, ուր հայ համայնքի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային ժառանգութիւնը գեղեցիկ կերպով արտայայտուեցաւ եւ փոխանցուեցաւ։

THE MAYOR OF TORONTO VISITED 

ST. MARY ARMENIAN CHURCH’S VARTAVAR WATER FESTIVAL

On Sunday, July 12, 2026, Her Worship Olivia Chow, Mayor of Toronto, visited the Vartavar Armenian Water Festival organized by St. Mary Armenian Church in celebration of the Feast of the Transfiguration of Our Lord Jesus Christ.

The Mayor was welcomed by Right Rev. Fr. Karekin Shkherdemian and members of the Church Board. During the visit, Fr. Karekin introduced the rich life of Toronto’s Armenian community and shared the significance of the Vartavar feast and its traditions.

Mayor Chow expressed her appreciation for the opportunity to experience one of the Armenian community’s cherished traditions firsthand. She also reflected on the recent tragic shootings in Toronto, noting that the message of Vartavar reminds us to wash away hatred and division, replacing them with love, compassion, and mutual respect.

The celebration once again brought together hundreds of participants, highlighting the Armenian community’s vibrant spiritual, cultural, and national heritage in a joyful atmosphere of unity and fellowship.