Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ, Սուրբ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով երեւցաւ հաստատելու համար Անոր աստուածային բնութիւնը: Մեզի այսպէ՛ս կը փոխանցեն Ս. Աւետարանները. «Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսայ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի նման կ’իջնէր եւ կու գար իր վրայ…» (Մատթ. Գ. 16: Հմմտ. Մրկ. Ա. 10, Ղկ. Գ. 22, Յովհ. Ա. 32):

Աւետարանական այս օրինակին հետեւելով, այսօր եւս եկեղեցին Սուրբ Հոգիին աղաւնակերպ էջքը խորհրդանշելու համար, որպէս միւռոնատուփ կը գործածէ արծաթեայ մետաղով շինուած աղաւնին, որ կը կոչուի նաեւ Միւռոնաթափ աղաւնի: Անիկա ընդհանրապէս շինուած կ’ըլլայ ազնիւ մետաղով, կ’ըլլայ թեւատարած, որուն ներքնամասը՝ փորին մէջ կը լեցուի Ս. Միւռոնը, աղաւնիի թիկունքին գտնուող ծակէ մը:
Աղաւնիին կտուցը շարժական կ’ըլլայ, անիկա կը բացուի Ս. Միւռոնի հեղման պահուն եւ ապա ինքնաբերաբար կը գոցուի: Աղաւնին հաստատուած կ’ըլլայ բունի մը վրայ, որ գործածութեան ընթացքին կը ծառայէ որպէս բռնիչ, իսկ անոր ներքեւի մասը ընդհանրապէս լայն պատուանդան մը կ’ունենայ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն հանգչեցնել Ս. Սեղանին վրայ:
Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ կրօնական ծիսակատարութեան մէջ Միւռոնաթափ աղաւնին սուրբ եւ նուիրական այն սպասն է, որմէ ծորող Ս. Միւռոնը «Առաքելոյ աղաւնոյ,,,» շարականին հոգեհունչ երգեցողութեամբ, կը սրբագործէ նորակառոյց եկեղեցիները, խաչանիշ դրոշմով կը կնքէ մկրտուող մանուկները, ձեռնադրութեան խորհուրդի ընթացքին կ’օծէ եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչուող քահանաներուն ճակատներն ու ձեռքերը, եւ Ս. Ծննդեան տօնին՝ ջրօրհնէքի արարողութեան ատեն կը սրբագործէ ջուրը ի յիշատակ Աստուածորդւոյն Ս. Մկրտութեան:
Խաղաղութեան խորհրդանիշ Նոյեան տապանէն արձակուած աղաւնին, այսօր Միւռոնաթափ աղաւնիի լոյս կերպարով՝ Սուրբ Հոգիին խաղաղութիւնն է, որ կը սփռէ մեր եկեղեցիներուն Ս. Սեղաններէն: