ԿԱՄԱՐ

Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին ընդհանրական կառոյցը բնորոշող կարեւոր բաղադրիչներէն մին է կամարը:

Կեդրոնական չորս գլխաւոր կամարներուն վրայ է, որ կը հանգչի եկեղեցւոյ սլացիկ գմբէթը:

Երբ մեր հայեացքը յառենք եկեղեցւոյ ներքնամասի ընդհանուր տարածքին, հոն պիտի տեսնենք մեծ ու փոքր տասնեակ կամարներ, որոնք հաստատութիւն եւ տոկունութիւն կու տան եկեղեցւոյ:

Կամարներ կան, որոնց սիւները իրարու հանգուցուած տեսք ունին: Կամարներ՝ որոնց վրայ կանգուն կը մնայ վերնատունը: Հսկայ կամար մը՝ որ կը ձեւակերպէ Ս. Խորանը: Կամարներ՝ պատուհաններուն եւ դռներուն վրայ, կամարներ՝ որոնք ներդաշնակութեամբ կ’ուրուագծեն եկեղեցւոյ ներքին խոյանքը:

Պէտք է ըսել, որ կամարները ոչ միայն ճարտարապետական հնարքներ են եկեղեցւոյ տոկունութեան ապահովման, այլ նաեւ գեղեցիկ ոճաւորումով հայկականութեան դրոշմն է, որ կը դնեն կառոյցին, այս պարագային եկեղեցւոյ ընդհանուր տեսքին: