Կէսօրուան ժամը մէկն է. Հալէպի մէջ սովորաբար համացանցը կ’անջատուի։ Այսպիսի պահերուն, բոլորիս ծանօթ սովորութեամբ, անմիջապէս բջիջային հեռաձայնս կը վերցնեմ ու կը սկսիմ քրքրել՝ տեսնելու համար, թէ ինչպիսի՛ լուսանկարներ կամ գրութիւններ կուտակուած են հոն։ Հին նկարները թղթատած ատենս, յանկարծ աչքիս կը զարնէ չորս տարի առաջ կիսատ ձգած յօդուածս։ Համալսարանի երրորդ տարուան ուսանող էի այն ատեն. նիւթս կը վերաբերէր քննութեան պատրաստութիւնը մինչեւ վերջին վայրկեան յետաձգելու «արուեստին»։ Ծիծաղելին այն էր, որ քննութիւններուս նման՝ ա՛յս յօդուածն ալ նոյն ձեւով յետաձգած էի։
Համացանցը վերջապէս միացաւ, բայց ես՝ բոլոր կարեւոր գործերս մէկդի դրի ու սկսայ մտորել, թէ ինչպէ՛ս կրնամ նախկին այս գրութիւնս կապել ներկայ վիճակիս։ Մտածեցի ու մտածեցի… եւ ահա իմ արդէն իսկ ծանրաբեռնուած կեանքիս վրայ մտահոգութիւն մըն ալ աւելցաւ։
Արաբական առածը կ’ըսէ՝ «Փորձառուին հարցո՛ւր, բժիշկին մի՛ հարցներ», ուստի ջանացի ախտանշաններս քննելով ինքզինքս դատել, թէ ինչո՛ւ դարձած եմ «գործերս մշտապէս յետաձգող եւ կուտակող»։ (Օրինակս գործի կը վերաբերի, բայց դուք «գործ» բառին տեղ կրնաք դնել ձեր բոլոր յետաձգուած հարցերը)։
Ախտանշաններս քննել սկսայ գործատեղիէս ներս ինծի վստահուած աշխատանքի մը մեկնարկով։ Առաջարկուած գործին համար վեց շաբաթ առիթ տրուեցաւ ինծի։ Անմիջապէս մտածեցի. «Ի՜նչ լաւ, բաւական ժամանակ ունիմ, արդէն մասնագիտութեանս վերաբերող գործ է, դիւրութեամբ գլուխ կը հանեմ. յետոյ անձնական կնիքս ու ստեղծագործական շունչս ալ կ’աւելցնեմ… իւրայատուկ բան մը կը ստեղծեմ»։ Քիչ մը ժամանակ տրամադրեցի պատկերացնելու, թէ ինչպիսի՛ փայլուն արդիւնքի կրնամ հասնիլ եւ ինչպէ՛ս կրնամ դասաւորել ժամերս։ «Եթէ օրական մէկ-երկու ժամ տրամադրեմ, այլ զբաղումներու կողքին այս գործն ալ վստահաբար աւարտին կը հասցնեմ», խորհեցայ։
Այսպէս անցաւ առաջին օրը։

Յաջորդ օրը պատրաստեցի գրասեղանս. համակարգիչս բաց է, գունաւոր թանաքներով պզտիկ տետրակ մը կողքիս, ջուրս, ուտելիքս, ականջակալներս… մէկ խօսքով, ամէն բան, որ անհրաժեշտ էր աշխուժութիւնս պահելու եւ առաջին քայլը առնելու համար։ Կէս ժամ չանցած, հազիւ մէկ-երկու բան ըրած խորհեցայ. «Այսօր լաւ աշխատեցայ, քիչ մը հեռաձայնիս նայիմ»։ Այդ «քիչ մը» կոչուածը տեւեց երկու ժամ. Instagram-ի «Ռիլ»-երուն հետեւեցայ, ընկերներս ալ ներքաշեցի այդ զբաղումիս մէջ, որպէսզի միասին դիտենք, կարծիք փոխանակենք եւ այլն։ Իսկ գործը… «Դեռ բաւական ժամանակ կայ, կարեւորը՝ առաջին քայլը առի, ընելիքս ալ յստակ է, կը հասցնեմ», ըսելով գրասեղանէն հեռացայ։
Քանի մը օր ալ այսպէս անցաւ։ Այլ կողմերէ եւս նոր պարտականութիւններ դիզուեցան, ընկեր մը օգնութիւն խնդրեց, իսկ ես նախապատուութիւնը անոնց տուի։ «Ժամանակ կայ, գործս անպայման կը հասցնեմ», կրկնելով միշտ։ Մէկ էջը բացի, միւսին անցայ… օրը իր աւարտին հասաւ, բայց պարտականութիւններս մնացին կիսատ-պռատ։
Արդէն վերջին երկու շաբթուան մէջ էի.
կը զգայի թէ որքա՜ն ծանրաբեռնուած եմ։ Ջղայնացած կը սկսէի փնթփնթալ. «Ինչո՞ւ ամէն ինչ այս շաբթուան մնաց։ Երանի՜ ամէն շաբաթ քիչ մը աշխատած ըլլայի»։ Մեծ ճնշումի տակ էի… գործս իմ պատկերացուցած որակով ու ընթացքով շարունակելը դժուար էր արդէն։ Ու եկաւ պահը, երբ սկսան հարցնել. «Ո՞ւր հասար։ Ամէն ինչ տեղի՞ն է»: Ներքին ձայն մը «ո՛չ» կ’ըսէր, բայց ես՝ «Այո՛, ճշդուած ժամկէտին անպայման կը հասնի՝ ամենալաւ ձեւով»,
կը պատասխանէի։ Ինքզինքս կը համոզէի, որ այսպէս բարձրաձայն հաւաստիացնելով՝ կը ստիպուիմ աւարտին հասցնել գործը՝ ամօթով չմնալու համար… Օրեր ետք յուսահատութեամբ կը նկատէի, որ սխալած էի։
Յանձնումի պահը հասած էր, բայց գործս չէր ամբողջացած։ Ինքզինքս խանդավառելու փորձերս ալ ապարդիւն դարձած էին։ Կը դիմէի ընկերներուս. իրենց թանկագին ժամանակը խլելով՝ ջղայնութիւնս ու վախերս պատմելու. «Չեմ հասցներ, ինչո՞ւ այս պատասխանատուութիւնը ստանձնեցի…» եւ նման դժգոհութիւններ կը թափէի մտերիմներուս գլխուն։ Բարեբախտաբար համբերութեամբ կ’ունկդրէին ու կը մխիթարէին՝ «Կրնա՛ս», «խելքդ կը հասնի», «նորէն մի՛ սկսիր», «ըրէ՛, վերջացո՛ւր», «այդքան մի՛ մեծցներ հարցը»… Այս խօսքերը լսելով՝ գործը քիչ մը աւելի յառաջ կը տանէի։
Վերջին երկու օրերը «Քիչ մը յետաձգեմ, անպայման կը հասցնեմ, պզտիկ սխալներ կան, սրբագրեմ ու կը ղրկեմ»-ներով, մէկ-երկու անքուն գիշերներով, սուրճի գաւաթները սեղանիս վրայ դիզելով, քիչ մը առողջութիւնս ալ խաթարելով՝ վերջապէս գործը տեղ հասցուցի։ Արդիւնքը, սակայն, ո՛չ իմ պատկերացուցածն էր, ո՛չ ալ՝ կատարեալ։ Ինքզինքս կ’այպանէի, թէ ինչո՞ւ աւելի կատարեալ ձեւով չներկայացուցի աշխատանքս, բայց զարմացայ, երբ ի վերջոյ արդիւնքը գովասանքի արժանացաւ. «Ապրի՛ս, յաջորդ գործերուդ ալ անհամբեր կը սպասենք», ըսին։
Ես ինծի խօսք տուի՝ ասիկա վերջին ձգձգելս պիտի ըլլայ, յաջորդին աւելի լաւ արդիւնքի հասնելու համար գործը կանուխ պիտի սկսիմ։ Բայց՝ ապարդիւն. Շրջան մը վերջ կրկին նոյն յորձանուտին մէջ սկսայ տապլտկիլ։
Գործը տեղ հասաւ։ Այո՛։ Կ’ըսեն, թէ մարդիկ իրենց բազմազբաղ պահերուն աւելի՛ ստեղծագործ կ’ըլլան, քան երբ հանգիստ են ու երկար ժամանակ ունին։ Թերեւս ճիշդ է, հաւանաբար ալ պատահմամբ այդպէս կ’ըլլայ։ Բայց, ինչպէս ամէն հիւանդութիւն, այս վատ սովորութիւնն ալ դարմանի կարօտ է։ Եւ վստահաբար կը բուժուի։
Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ այս նկարագրութեան մէջ դուն քեզ կը գտնես, մենք նոյն խմբակին կը պատկանինք։
Ահա թէ ինչո՛ւ կ’ուզեմ քեզի հետ բաժնել գործելու այն ոճը, որուն վերջին շրջանին աստիճանաբար սկսած եմ տիրապետել՝ «չյետաձգելու արուեստը»։ Գործերու կուտակման գագաթնակէտէն դէպի այդ արուեստը տանող ճամբան երկար է, բայց անհասանելի չէ։ Չորս տարի ետք վերջապէս աւարտին հասած այս յօդուածս՝ անոր լաւագոյն վկայութիւնն է։
Կիթառ Աւընեան
Աղբիւր՝ «ՆՈՐ ԵՐԹ»՝ Բ. ԹԻՒ/2026