Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն դէմ ամենամեծ առարկութիւններէն մէկը այն է, որ սուրբերը մեռած են, անոնք մեզ չեն լսեր եւ իրենց աղօթելը անհեթեթութիւն է։ Մեզի համար այս տեսակէտը չի համապատասխաներ ո՛չ Սուրբ Գրքին եւ ո՛չ ալ Քրիստոսի փրկագործութեան։
Սկսինք հաստատելով, որ երկինքի մէջ գտնուող սուրբերը մեռած չեն։ Ասոր հակառակ արտայայտուիլը, մերժում մըն է Քրիստոսի կատարած փրկագործութեան։ Աւետարանը կ’ըսէ, մեր Տէրը իր խաչելութենէն ետք դժոխք իջաւ, կործանեց մահը եւ ազատագրեց արդարներուն հոգիները զիրենք երկինք առաջնորդելով։ Ասոր համար ալ Քրիստոս կ’ըսէ «Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, այլ ողջերուն, որովհետե իրեն համար բոլորն ալ կենդանի են» (Ղուկաս 20.38)։ Այսինքն՝ Քրիստոսի մէջ ննջածները Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կ’ապրին եւ չեն դադրիր Եկեղեցւոյ անդամները ըլլալէ։
Սուրբերը, Աստուծոյ փառքին մէջ կը գտնուին, որովհետեւ ինչպէս Պետրոս Առաքեալը կը գրէ, Աստուած խոստացաւ աշխարհի կորստական ցանկութիւններէն ձերբազատուելով «հաղորդակից ըլլանք աստուածային բնութեան» (Բ. Պետրոս 1.3-4)։ Բան մը, որ մտածել կու տայ մեզի, թէ անոնք չեն կրնար անտարբեր ըլլալ մեր կեանքին նկատմամբ. ընդհակառակը, Աւետարանը անոնց մասին խօսելէ ետք (Եբր 11), զանոնք կը նկարագրէ որպէս «բազմաթիւ վկաներ» (Եբր 12.1-2), որոնք կը հետեւին մեր հոգեւոր պայքարին եւ մեզ կը քաջալերեն։
Յայտնութեան գիրքին մէջ Յովհաննէս առաքեալ կը տեսնէ, թէ երկինքի, երկրի եւ երկրի տակ գտնուող բոլոր արարածները միասին Աստուծոյ փառք կու տան (Յյտ 5.13) եւ կը հաստատէ, որ անոնք տեղեակ են մեզմէ, շարունակ կը հետաքրքրուին մեր կեանքով, եւ իրենց աղօթքներով կը քաջալերեն եւ մեր օգտին համար կը բարեխօսեն առատօրէն (Յյտ 6.10)։ Մեզի համար իրենց բարեխօսութեան մասին կը կարդանք նաեւ Յայտնութեան 5.8 եւ 8.3-4-ի մէջ։
Այս օրինակները բաւարար են, ցոյց տալու, որ երկինքի սուրբերը հետաքրքրուած են մարդկութեան ճակատագիրով եւ կ’աղօթեն Աստուծոյ ժողովուրդին համար։ Ուրեմն, ի՞նչ պատճառ կայ մտածելու, թէ չենք կրնար անոնց բարեխօսութիւնը կամ աղօթքը խնդրել։
Յակոբոս Առաքեալը մեզ կը յորդորէ իրարու համար աղօթելու եւ կը հաստատէ, թէ «արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ եւ մեծապէս կ’օգնէ» (Յկ 5.16)։ Այս կը նշանակէ, թէ որոշ մարդոց աղօթքները աւելի ազդեցիկ կամ ընդունելի են Աստուծոյ համար, քան ուրիշներու։ Այս սկզբունքը ակնյայտ է նաեւ Յոբի գիրքին մէջ, ուր Աստուած Եղիփազին եւ իր ընկերներուն կը հրամայէ զոհ մատուցանել, բայց կ’ըսէ, թէ Յոբ պիտի աղօթէ իրենց համար, եւ միայն Յոբի բարեխօսութիւնը պիտի ընդունի (Յոբ 42.8)։ Եթէ երկրի վրայ ապրող արդար մարդու աղօթքը այսքան արժէքաւոր է, ապա որքա՞ն աւելի՝ երկինքի մէջ փառաւորուած սուրբերունը, որոնք այլեւս ազատ են ամէն մեղքէ եւ ամբողջովին միացած Քրիստոսի։
Մեր Տէրը Քրիստոս երբ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կը խօսէր (երբ տակաւին Յովհաննէս ողջ էր), ըսաւ «երկնքի արքայութեան մէջ յետին եղողը Յովհաննէսէն աւելի մեծ է» (Մտ 11.11)։ Ուրեմն, ինչո՞ւ չդիմենք անոնց բարեխօսութեան, որոնք Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կը գտնուին եւ մեծ կը նկատուին երկինքի մէջ։
Ահա թէ ինչու Ուղղափառ Եկեղեցին սուրբերէն աղօթքը խնդրելը կուռքի պաշտամունք չի նկատեր, այլ՝ Քրիստոսի մէկ Մարմինին անդամներուն միջեւ սիրոյ, հաղորդակցութեան եւ փոխադարձ բարեխօսութեան բնական արտայայտութիւն։ Ինչպէս երկրի վրայ ապրող քրիստոնեաներէն կը խնդրենք, որ աղօթեն մեզի համար, նոյնպէս ալ կրնանք դիմել երկինքի մէջ փառաւորուած սուրբերուն, որովհետեւ անոնք կենդանի են Քրիստոսի մէջ եւ չեն դադրած սիրել Եկեղեցին։
Յաջորդ յօդուածով, պիտի խօսինք Քրիստոսի բարեխօսութեան եւ սուրբերու բարեխօսութեան տարբերութեան մասին։
Շարունակելի
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան