Խաղաղութիւն
Այնպէ՜ս խաղաղ է հոգիս, գիշերին մէջ այս անդորր,
Որ կարծէք չեմ երկնած ես քաոսն իմ մէջ ահաւոր,
Ուրկէ պիտի այգանար նոր օրերու իմ արփին՝
Արարչագործ, բոցավարս, խորունկ սրտէն անհունին:
Այնպէ՜ս խաղաղ է հոգիս, անրջահեւ աստղերուն
Գոգն ընկղմած այս պահուս, երբ յամրօրէն հէգ աշնան՝
Կ’իյնան դալուկ թերթիկներս ծաղիկներէն հոտեւան,
Որոնց այնպէ՜ս հրայրքով ընդելուզուած էր հոգիս,
Անցնող գարնան բոյրերէն եւ թոյրերէն արբեցած:
Դիտել այսպէս անտարբեր, խենթ հովերէն ծոցուորած
Անուրջներուն մահը լուռ, որոնք այն խաժ օրերուն՝
Վարշամակուած շողերով զիս կ’ընէին վարարուն:
Այնքան երկա՜ր անձկացուած խաղաղութի՞ւնն է հիմա:
Խաղաղութի՜ւն, դուն իջար խռովայոյզ իմ սրտիս,
Երբ ալ պայթող կոկոնին եւ արիւնող երկնքին
Ես կը նայիմ, խորհելով, անապատին հոգիիս:
Կորիւն Արք. Պապեան
Պիքֆայա, 1966
