
Կար ժամանակ երբ մարդիկ եկեղեցի մտնէին իրենց կօշիկները կը հանէին գաւիթին մէջ եւ գուլպաներով կը մտնէին եկեղեցի: Այդ օրերուն նստարանի գործածութիւնը չէր որդեգրուած մեր եկեղեցիներուն մէջ, այլ ամբողջ եկեղեցւոյ սալայատակը ծածկուած կ’ըլլար գորգերով եւ կարպետներով եւ հաւատացեալները մասնաւոր բազմոցներու վրայ ծնրադրած կ’աղօթէին եւ կամ ծալապատիկ կը նստէին:
Այսօր երբ նստարանի գործածութիւնը ընդհանրացած է եւ մարդիկ կօշիկներով կը մտնեն եկեղեցի, գորգերուն եւ կարպետներուն գործածութիւնը նուազած է: Ներկայիս գորգ կը փռուի միայն Ատեանին մէջ, ուր եկեղեցական արարողութիւն կը կատարուի, աջակողմեան եւ Ձախակողմեան դասերուն մէջ, ուր եկեղեցականները կը նստին եւ դպիրները ժամակարգութիւնը կը կատարեն, բեմին վրայ, ուր Ս. Սեղանը կը գտնուի եւ Ս. Պատարագը կը մատուցուի: Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին ընդհանրացած են պատէ պատ (wall to wal) արհեստական՝ մեքենայի արտադրութեան գորգերը:
Փոքր գորգերու գործածութիւնը վերապահուած է բարձրաստիճան եկեղեցականներու, եւ կը զետեղուին անոնց բազկաթոռին առջեւ, Ատեանի մէջ՝ երբ Ս. Սեղանէն իջնող ողջոյնը կը ստանայ, նաեւ աղօթքի, Ս. Աւետարանի ընթերցման եւ քարոզախօսութեան պահերուն, անոնց ոտքերուն տակ փռելու:
Անցեալին այս գորգերը յաճախ ոսկեթել ասեղնագործութեամբ գեղեցիկ արուեստի գործեր կ’ըլլային, եւ ժողովրդային բառով, խալիչայ կը կոչուէին: