Թորոնթոբնակ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեաններ գոհունակ սրտով յանձն առին հովանաւորել Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 42-րդ, Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 20-րդ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան 10-րդ ամեակներու նուիրուած Օնթարիոյի ձեռնարկները։
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2026
ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆԹՐԻՔ GALA
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2026
«Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9:7)։
Այս առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարձր կը գնահատէ Թոքմաքճեան ամոլի առատաձեռն նուիրատուութիւնը եւ կը մաղթէ, որ Ամենակալին օրհնառատ բարիքները անպակաս ըլլան Թոքմաքճեան ընտանիքէն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ